Պոլսահայ անուանի լուսանկարիչ, լրագրող Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսը պիտի բացուի Նիւ Եորքի մէջ:
Ըստ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի Կիւլերի լուսանկարներուն այն շարքը, ուր պատկերուած է 1950-ական թուականներու Պոլիսը:
Յայտնի է, որ Նիւ Եորքէն ետք ցուցահանդէսին յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Հռոմը:
Թուրքիոյ նախագահականի նախաձեռնութեամբ, Արա Կիւլերի թանգարանի, արխիւի եւ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի համագործակցութեան ծիրէն ներս արուեստագէտին ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին աշխարհի կարեւոր քաղաքներու մէջ: Լոնտոնէն, Փարիզէն եւ Քիոթոյէն ետք չորրորդ կանգառը Նիւ Եորքն է:
Yerakouyn.com
Leave a Reply