Այնթապցի այս երեք օրիորդներու նկարը մեր օրերը հասած է 19-րդ դարի վերջէն եւ կը գտնուի Արմիկ Փափազեան-Պարսումեանի հաւաքածուիին մէջ (Հալէպ):
Լուսանկարը տեղ գտած է Հրազդան Թոքմաճեանի «Այնթապի ասեղնագործութիւն» գիրքին մէջ: Գիրքը Այնթապի ասեղնագործութեան պատմութիւնն ու աւանդոյթները ամփոփող հերթական գիրքն է, որու հեղինակը տարիներու աշխատանքի արդիւնքով հրատարակած է Արեւմտեան Հայաստանի հայկական արհեստագործութիւնը ներկայացնող գիրքեր:
Լուսանկարին մէջ կանայք լուսանկարուած են ասեղնագործ ծածկոցով սեղանի մօտ, իսկ պատին վրայ նոյնպէս ձեռագործ աշխատանքի նմուշ է: Անոնց հագուստները կը կրեն ժամանակի նորաձեւութեան շունչը:
Այնթապի կանայք աչքի ինկած են բարձր ճաշակով եւ աշխատասիրութեամբ:
Leave a Reply