Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսէթս նահանգին մէջ կեանքէն հեռացած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին ականատեսներէն մէկը` 109-ամեայ Աստղիկ Ալէմեանը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը` վկայակոչելով The Armenian Mirror Spectator-ը, Աստղիկ Ալէմեան Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ կորսնցուած է ծնողներն ու եղբայրները եւ մինչեւ 12 տարեկան մնացած Սուրիոյ որբանոցներէն մէկը: Հօրեղբօր` Կարապետ Թեթեզեանի օգնութեամբ ան իր քրոջ` Աննային հետ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ:
1980-ականներէն ի վեր` ան ամէն տարի Ապրիլ 24-ին յատուկ պատիւի կ՛արժանանար քաղաքային խորհուրդին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկի ժամանակ:
90-ամեակին Աստղիկ Ալէմեան ընտանիքի անդամներուն հետ մեկնած է Եգիպտոս եւ Սուրիա` վերստին այցելելով այն վայրերը, ուր եղած էր իր մանուկութեան տարիներուն:
Yerakouyn.com
Leave a Reply