Արեւմտահայերէնի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն նուիրուած քննարկում Ֆրեզնոյի մէջ

ՖՐԵԶՆՕ.- Ուրբաթ, 6 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191), տեղի պիտի ունենայ 21րդ դարուն ընթացքին արեւմտահայերէնին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ զայն դասաւանդելու նոր մօտեցումներուն նուիրուած քննարկում մը, մասնակցութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն երկուքական մասնագէտներու։

Քննարկումին պիտի մասնակցին՝ դոկտ. Շուշան Կարապետեան, Ճես Սիրական Արլէն, Էլիզապէթ Մխիթարեան եւ դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, որոնք ուսումնասիրութիւններ տրամադրած էին այդ նիւթով Պետրոս Տէր Մաթոսեանի խմբագրած հատորին։

Ձեռնարկը կ՛իրականացուի Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտականի ծրագիրին եւ «Լիան Փիթըրզ» հիմնարկին կազմակերպութեամբ։

Ներկայացման մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար շարել թիւ P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2019
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ