Պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինին հանդիպումը Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարին հետ

ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».-Թուրքիոյ հայոց 85րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացը կը շարունակուի բնականոն հունով: Ներկայիս պատկան իշխանութիւններէն կ՛ակնկալուի պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութեան մը ուղարկումը: Նախաձեռնարկ մարմինը արդէն Պոլսոյ կուսակալութեան միջոցաւ պետութեան դիմում կատարած է այս նպատակով, որ պիտի արժեւորուի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Այս պայմաններուն մէջ, 7 Օգոստոսին, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը, երբ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու հիւրընկալեց Նախաձեռնակ մարմինի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուն եւ փոխատենապետ Սարգիս Չաւուշեանը:

8 Օգոստոսին, Քէօլէդաւիթօղլու ըսաւ, որ հանդիպումը շատ դրական եւ ջերմ տեսակցութիւն մը եղած է: Ըստ անոր՝ ընտրական կանոնադրութեան սպասման մթնոլորտին մէջ իրենք յարմար դատած էին հանդիպում մը ունենալ ներքին գործոց նախարարին հետ եւ փոխանցել համայնքին ակնկալութիւնները եւ Նախաձեռնարկ մարմինի որդեգրած առաջնահերթութիւնները:

Քէօլէդաւիթօղլու եւ Չաւուշեան նախարարին տեղեկութիւններ տուած են այս գծով համայնքին մէջ ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակին մասին եւ ներկայացուցած են այն սկզբունքները, որոնցմով կ՛առաջնորդուի Նախաձեռնարկ մարմինը:

Իր կարգին, Չաւուշեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը դրական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ այս նիւթին նկատմամբ: Չաւուշեանի ակնկալութեամբ՝ Նախաձեռնարկ մարմինին կողմէ առաջարկուած ժամկէտներուն մէջ կարելի պիտի ըլլայ կազմակերպել պատրիարքական ընտրութիւնը: Յառաջիկայ շրջանին, այս շփումի լոյսին տակ, պատկան մարմիններուն հետ պիտի յստակացուին նաեւ մանրամասնութիւնները այն քանի մը կէտերուն վերաբերեալ, որոնք ներկայիս հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ կը գտնուին՝ իբրեւ հարցական:

Միւս կողմէ, Նախաձեռնարկ մարմինի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեան յայտնեց, որ անցեալ Երկուշաբթի տեղի ունեցած վերջին ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ չէ եկած ներքին գործոց նախարարին հետ նման հանդիպման մը պարագան: Այսինքն, հանդիպման մասին նախօրօք տեղեակ չեն եղած Նախաձեռնարկ մարմինի անդամները:

Asbarez.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2019
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ