Երեւանի մէջ տեղի Ունեցաւ Գէորգ Պետիկեանի «Ես տեսայ Անին» հատորին շնորհահանդէսը

Հինգշաբթի, 25 յուլիս, 2019ին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Երեւանի «Ա. Իսահակեան»ի անուան գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկաբնակ ծանօթ գրող, մտաւորական եւ կրթական մշակ Գէորգ Պետիկեանի նոր լոյս ընծայած «Ես տեսայ Անին» հատորին շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին, հեղինակին եւ ա-նոր տիկնոջ կողքին ներկայ էին Պետիկեանի Երեւանաբնակ նախկին աշակերտ-աշակերտուհիներէն շատեր, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէի ճեմարանականներ, հայրենի մտաւորականներ եւ հալէպցի ու հայրենի մշակութասէրներու հոծ բազմութիւն մը:

Պէտք է յիշել, որ երեկոն նախաձեռնած էին «Ա. Իսահակեան»ի անուան գրադարանի տնօրէնուհի Յասմիկ Կարապետեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտա Խաչատրեան եւ ծանօթ մտաւորական Գէորգ Եազըճեան:

Իբրեւ օրուան յայտագիր նախ Այիդա Ասատուրեան ընթերցեց հատորէն «Խոստովանանք» պատմուածքը, ապա յաջորդաբար խօսք առին Գէորգ Եազըճեան, Ջուլիետա Գալստեան, Լրագրողներու միութեան անդամ Մարիամ Ստեփանեան եւ դոկտոր Խաչատրեան:

Բոլոր խօսք առնողները հատորէն յատուկ պատմուածքներ ընթերցեցին եւ նոյն ժամանակ վեր առին Պետիկեան արեւմտահայ գրողի տաղանդն ու ոճը, անոր սահուն եւ հիւմուրով լեզուն, անոր կեանքն ու ցարդ հրատարակած 7 հատորներէն բխող սփիւռքահայ գրողի արժէքը:

Ելոյթ ունեցաւ հեղինակ Պետիկեան՝ մեծապէս տպաւորելով ներկաները, ապա ան մակագրեց իր նուիրած բոլոր հատորները:

Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ ներկաները երկար ու կարօտով զրուցեցին գրող- հեղինակ-ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեանի հետ: Տեղի ունեցաւ նաեւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը:

Asbarez.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2019
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ