Պոլսոյ մէջ 5-րդ դարու եկեղեցի յայտնաբերուած է

Պոլսոյ Հայտարփաշայ թաղամասին մէջ կ՝ընթանան «Մարմարա» (Բոսֆորի տակէն անցնող մեթրօ) նախագիծի իրականացման աշխատանքները։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ շինարարական հորատման աշխատանքներուն ընթացքին, այդ տարածքին վրայ անընդհատ ի յայտ կու գան պատմամշակութային արժէք ունեցող իրեր եւ կառոյցներու աւերակներ։

Վերջերս յայտնաբերուած աւերակներէն պարզուած է, որ այդ վայրը՝ 1500 տարի առաջ՝ հանդիսացած է նաւահանգստային քաղաք։

Այժմ ալ, հորատման աշխատանքներուն ընթացքին, յայտնաբերուած է 5-րդ դարու եկեղեցի։ Սակայն, եկեղեցւոյ ծագման վերաբերեալ տեղեկութիւններ եւ այլ մանրամասներ չեն հաղորդուիր։

Yerakouyn.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2019
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ