Պոլսոյ Հայտարփաշայ թաղամասին մէջ կ՝ընթանան «Մարմարա» (Բոսֆորի տակէն անցնող մեթրօ) նախագիծի իրականացման աշխատանքները։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ շինարարական հորատման աշխատանքներուն ընթացքին, այդ տարածքին վրայ անընդհատ ի յայտ կու գան պատմամշակութային արժէք ունեցող իրեր եւ կառոյցներու աւերակներ։
Վերջերս յայտնաբերուած աւերակներէն պարզուած է, որ այդ վայրը՝ 1500 տարի առաջ՝ հանդիսացած է նաւահանգստային քաղաք։
Այժմ ալ, հորատման աշխատանքներուն ընթացքին, յայտնաբերուած է 5-րդ դարու եկեղեցի։ Սակայն, եկեղեցւոյ ծագման վերաբերեալ տեղեկութիւններ եւ այլ մանրամասներ չեն հաղորդուիր։
Yerakouyn.com
Leave a Reply