Մեծարժէք ուսումնասիրութիւն մը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններու գործունէութեան մասին

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւնը, Պէյրութի մէջ, Ապրիլ 2017ին հրատարակեց հանրածանօթ հասարակական գործիչ, իրաւագիտութեան դոկտոր Ռուբէն Աւշարեանի չափազանց արդիական, հանրագիտարանային նշանակութիւն ունեցող երկհատոր աշխատութիւնը, որ կը կրէ «On the Record. Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments»* խորագիրը: Գիրքը հեղինակին երկարամեայ արգասաբեր աշխատանքի արդիւնքն է՝ աւելի քան 1330 էջ ծաւալով:

Գիրքին յառաջաբանը գրած է Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ արժեւորած է Ռուբէն Աւշարեանի կատարած մեղուաջան ահագին աշխատանքը: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ առկայ հատորները կարեւոր դեր պիտի ունենան լիբանանեան քաղաքական գրականութեան մէջ:

Գիրքին առաջին հատորը կը վերաբերի 1922-1972, իսկ երկրորդը՝ 1972-2017 թուականներուն միջեւ երկարող ժամանակահատուածներուն: Իւրաքանչիւր հատորի առաջին մասը կը կազմէ հեղինակի հետազօտութեան արդիւնքը, իսկ այնուհետեւ ներկայացուած են յաւելուածները: Աղբիւրագիտական հարուստ նիւթերու եւ ուսումնասիրութիւններու համակողմանի քննարկումով՝ մանրամասն կերպով եւ պատշաճ գիտական որակով ընթերցողին կը ներկայացուի Լիբանանի տարբեր խորհրդարաններու կազմութեան մէջ հայ երեսփոխաններու ծաւալած յիրաւի՛ ուշադրութեան արժանի եւ մինչեւ այժմ նման լուրջ մօտեցումով մը քննութեան չարժանացած գործունէութիւնը: Այստեղ անփոխարինելի տեղեկութիւններ կան 1929–2017 թուականներու ընթացքին Լիբանանի խորհրդարանին անդամակցած եւ տակաւին անդամ եղող 31 հայ երեսփոխաններու մասին, եւ միաժամանակ արժեւորուած է անոնց ծաւալած պատկառելի գործունէութիւնը:

Արձանագրենք, որ հեղինակը միանգամայն համոզիչ կերպով ցոյց կու տայ Լիբանանի քաղաքական կառուցուածքին եւ յատկապէս խորհրդարանի կազմակերպման հայեցակարգին առանձնայատկութիւնները եւ հայկական համայնքներու՝ սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւունքները: Արժեւորելով զանոնք՝ ան թուարկած է լիբանանեան ներկայացուցչական խորհուրդի, այնուհետեւ առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ յաջորդ խորհրդարաններու կառուցուածքի իւրայատկութիւնները՝ ընդգծելով, որ անոնց արմատները կու գան 1861 թուականի ինքնավար Լեռնալիբանանի մութասարրիֆութեան ժամանակներէն (Լեռնալիբանանի վերջին մութասարրիֆը (կառավարիչ, 1913-1915) եղած է հայազգի Յովհաննէս փաշա Գույումճեան):

Ծանօթանալով աշխատութեան՝ ընթերցողը համապարփակ պատկերացում մը կը կազմէ Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական ներքին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ անոնց բովանդակային կառոյցին մէջ հայ համայնքի հիմնախնդիրներուն մասին: Հարկ է ընդգծել, որ սոյնը կը հանդիսանայ Ռուբէն Աւշարեանի մեծղի հատորներուն հիմնական արժանիքներէն մին: Այստեղ լիովին բացայայտուած եւ յաւուր պատշաճի արժեւորուած են լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի խորհրդարանի հայ ներկայացուցիչներու յառաջադէմ հայեացքները, որոնք հանդէս կու գային երկրին մէջ ճիշդ համարկուելու, կողմնորոշուելու եւ բարգաւաճելու դիրքերէն:

Ռուբէն Աւշարեանի գիրքին ուսումնասիրութենէն կը տեսնենք, որ հայ երեսփոխաններու ուշադրութեան կեդրոնը եղած են Լիբանանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան հետ առնչուող խնդիրներ, եւ հայ համայնքին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր: Մասնաւորապէս 1929-1939 թուականներուն, խորհրդարանական քննարկումներու ընթացքին հայազգի Վահրամ Լէյլեկեան եւ Խոսրով Թիւթիւնճեան հանդէս եկած են բովանդակալից ու բազմակողմանի առաջարկներով: Այլ հարցերու շարքին, անոնք լիբանանահայ դպրոցներուն մէջ արաբերէնի ուսուցման համար յատկացուող նիւթական օժանդակութիւններու ծաւալը աւելցնելու, ինչպէս նաեւ զանոնք տնօրինելու վերահսկողութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու միտումով հարցեր բարձրացուցած են, յաճախակի հանդէս եկած են հայութեան շրջանակներուն մէջ արաբերէն դասաւանդող ուսուցիչներու քանակին մասին՝ արաբերէնի երեկոյեան դասընթացքներուն թիւը աւելցնելու դիմումներով: Առաջարկած են հայ համայնքին համար ներկայացուցչական տեղ յատկացնել Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմին մէջ (պահանջ մը, որ աւելի ուշ իրականացաւ), նկատի ունենալով երկրին մէջ ապրող հայերուն թիւը: Կամ՝ 1950ականներուն, Տիգրան Թոսպաթի, Ժոզէֆ Շատերի, ապա Խաչիկ Պապիկեանի գործունէութեան եւ անոնց ելոյթներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են երկրի առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան, առեւտուրի, ելեկտրուժի որակին ու գինին, մամուլի եւ ոստիկանութեան վերաբերող հարցերը: Անոնք ճշգրիտ եւ օգտակար առաջարկներ ներկայացուցած են խորհրդարանին՝ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող աղքատութիւնը յաղթահարելու ուղղութեամբ:

Հեղինակը համոզիչ փաստերով ցոյց կու տայ, որ հայ երեսփոխանները Լիբանանի խորհրդարանին մէջ մասնակցած են սահմանադրութեան, պիւտճէի ընդունման եւ փոփոխութիւններու քննարկումներուն, ինչպէս նաեւ նման առիթներով անոնք հանդէս եկած են կառուցողական առաջարկներով: Ակնյայտ են քննարկուող հարցերուն նկատմամբ անոնց յառաջադէմ մօտեցումները: Անոնք սրտցաւ վերաբերում ունեցած են երկրի քաղաքական եւ տնտեսական հարցերուն հանդէպ եւ իրենց ելոյթները ամենեւին չեն սահմանափակուած լոկ լիբանանահայութեան վերաբերող հարցերու շրջանակով: Աւելին՝ համարած են, որ Լիբանանի հարցը նաեւ լիբանանցի հայուն հարցն է եւ, իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիներ, անհրաժեշտ է հարցերուն արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու փորձեր կատարել: Լիբանանի շահը անոնք իրաւացիօրէն համարած էին նաեւ իրենցը, զայն նոյնացնելով հայ համայնքի շահերուն հետ:

***

Ռուբէն Աւշարեանի ուսումնասիրութիւնը գերազանցապէս կ՛ապահովէ աշխատութեան գիտական որակը, որուն գործնական օգտակարութիւնը եւ դիտարժանութիւնը առաւել ակնյայտ կը դարձնեն հատորներուն յաւելուածները, վաւերագրական բացառիկ լուսանկարները, անուանացանկերն ու մատենագիտական հարուստ ցանկը: Առանձնապէս ուշադրութեան արժանի են, ինչպէս վերը պահ մը նշուեցաւ, հատորներուն ընդարձակ յաւելուածները, որոնց մէջ ներկայացուած են վիճակագրական տուեալներ եւ փաստաթուղթեր հայ երեսփոխաններու մասին: Անոնց շարքին չափազանց արժէքաւոր են Լիբանանի խորհրդարանի նիստերուն ընթացքին հայ երեսփոխաններու ելոյթներուն բնագիրները, որոնք հատորներու յաւելուածներուն մէջ ներկայացուած են բնօրինակին լեզուով՝ հիմնականօրէն արաբերէնով, ինչպէս հեղինակը կը շեշտէ, ընթերցողին հնարաւորութիւն ընձեռելու՝ առաւել առարկայական կերպով ծանօթանալու հայ երեսփոխաններու գործունէութեան: Ընդգծենք, որ սոյնը այլ ուսումնասիրողներու համար կրնայ վստահելի աղբիւր հանդիսանալ: Ելոյթներուն ընթերցումէն ակնյայտ կը դառնայ հայ երեսփոխաններու լայն մտահորիզոնը, կրթական բարձր մակարդակը, օտար լեզուներով խօսքը անկաշկանդ, գեղեցիկ շարադրելու բարձր արուեստը:

Խնդրոյ առարկայ աշխատութեան կարեւորութիւնը, անշուշտ, չի սահմանափակուիր միայն վերջինիս՝ Լիբանանի հայութեան պատմութեան վերաբերող առաջնակարգ աղբիւր մը ըլլալու փաստով: Հատորներուն մանրամասն ծանօթանալէ ետք իսկոյն կը համոզուինք, որ անոնք առաջին հերթին որոշապէս Լիբանանի խորհրդարանի պատմութեան տարեգրութիւնն են: Ուստի միանշանակ ողջունելի է, որ անիկա հրատարակուած է անգլերէնով. առաւելութիւն մը, բնականաբար, հաւանական ընթերցողներու շատ աւելի մեծ լսարան մը ապահովելու հեռանկարով: Սոյն հանգամանքը գիրքին շահեկան կողմերէն մէկը ըլլալով հանդերձ, համոզուած պիտի ըլլանք նաեւ ըսելու, որ աշխատանքը կրնար մեծապէս շահիլ, եթէ ունենար հայերէն ընդարձակ ամփոփում մը, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ գիրքը առաջին հերթին ուղղուած է հայ հանրութեան: Այս տեսակէտէն մեկնելով՝ չափազանց կարեւոր կը գտնենք հատորներուն արաբերէն յաւելուածները յետագային հայերէնի թարգմանելը, որովհետեւ անոնք անառարկելիօրէն կը հանդիսանան լիբանանահայութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան առաջնակարգ աղբիւրներէն, մասնաւորաբար Հայաստանի, Արցախի, նաեւ Սփիւռքի այլ գաղթօճախներու մէջ հայ գիտահետազօտողներու շրջանակներուն:

***

Ամփոփենք. համակողմանի օգտագործելով Լիբանանի խորհրդարանի նիստերու արձանագրութիւններուն նիւթերը, պաշտօնական մամուլը եւ բազմաթիւ այլ աղբիւրներ եւ ուսումնասիրութիւններ, Ռուբէն Աւշարեան ընթերցողի դատողութեան եւ անաչառ գնահատականին յանձնած է ընդհանրապէս Լիբանանի խորհրդարանին եւ մասնաւորապէս անոր հայ երեսփոխաններու գործունէութեան նուիրուած ծանրակշիռ, հանրագիտարանային բնոյթ ունեցող իր արժէքաւոր եւ յոյժ շահեկան աշխատասիրութիւնը: Միանգամայն համոզուած ենք, որ հմուտ հեղինակին նշեալ հատորները լիբանանահայ գաղութին պատմութիւնը ուսումնասիրողներու համար երկար տարիներ շարունակ պիտի հանդիսանան իբրեւ համընդգրկուն, վստահելի եւ անսպառ աղբիւր մը:

Եթէ երբեք օր մը Լիբանան դադրի սփիւռքահայ գաղթօճախ մը ըլլալէ, եւ եթէ ցանկալի օր մը իրականանայ հայութեան համազգային իղձը՝ մէկտեղուելու մէկ երկինքի տակ՝ հայոց մէկ, ընդհանրական հայրենիքին մէջ, հայկական մէկ պետութեան եւ միասնական մէկ դրօշի հովանիին ներքոյ, այդ ժամանակ Ռուբէն Աւշարեանի գործը պերճախօս եւ գերազանց վկայութիւն մը պիտի ըլլայ գեղածիծաղ Լիբանանի ասպնջական հողերուն վրայ ապրած, գործած եւ երկրի քաղաքական կեանքին վրայ իր խոր եւ անջնջելի կնիքը դրոշմած հայութեան մասին:

Լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս Լիբանանի խորհրդարանին՝ նման արժէքաւոր ուսումնասիրութիւն մը պարգեւած հեղինակին՝ դոկտ. Ռուբէն Աւշարեանի վարձքը կատար: Իրեն սրտանց կը մաղթենք յաջողութիւն եւ նորանոր ստեղծագործութիւններ իրականացնելու անսպառ եռանդ:

* Roupen Avsharian, «On the Record. Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments, Volume I, 1922-1972, & Volume II, 1972-2017», 654+680 pages, 2017. Ռուբէն Աւշարեան, «Արձանագրութիւններուն Մէջ. Հայ Երեսփոխանները Լիբանանի Խորհրդարանին Մէջ», հատոր 1, 1922-1972, հատոր. 2, 1972-2017», Պէյրութ, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատուն, 2017, 654+680 էջ:

«ՆՈՐ ՕՐ»

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ