Ատրպէյճանը պիտի չեղարկէ Թուրքիոյ հետ վիզային ռեժիմը

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վիզային ռեժիմը պիտի չեղարկուի սեպտեմբեր 1-էն:Այս մասին Ռիա Նովսթիին յատնած է Պաքուէն դիւանագիտական աղբիւր մը:
Անգարան 2007 թուականին միակողմանի կարգով չեղարկած էր վիզային ռեժիմը Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն համար: Այս պահուն Ատրպէյճանի քաղաքացիները առանց վիզայի Թուրքիոյ տարածք կրնան գտնուիլ 30 օր:
«Սեպտեմբեր 1-էն Թուրքիոյ քաղաքացիները ստիպուած չեն ըլլար վիզա ստանալ Ատրպէյճան այցելութիւններու համար: Թուրքիոյ քաղաքացիները պիտի կարենան առանց վիզայի Ատրպէյճանի մէջ գտնուիլ 30 օր», – յայտնած է աղբիւրը:

 Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ