Համշէնը իր առանձնայատկութիւններով

Այս շաբաթ կը շարունակենք ներկայացնել «Ակօս»ի լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի` երկու շաբաթ առաջ համշէնցիներու հետ ունեցած հարցազրոյցը։ Արապեանի այս աշխատութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ մեր դիմաց համեմատաբար աւելի նուազ ծանօթ աշխարհագրութեան մը թափանցելու առումով։

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

Ապրուստի հո­գով օտար ափեր պանդխտու­թեան եր­թա­լու աւան­դութիւ­նը յա­րատեւ երե­ւոյթ մըն է այս հո­ղերու վրայ։ Համ­շէնցիք եր­կար տա­րիներ օտար եր­կիրներ աշ­խա­տած է, փռա­պանու­թիւն ըրած եւ ստա­ցած աշ­խա­տավար­ձով ալ տուն, ըն­տա­նիք պա­հած։ Այ­սօր ալ իր հայ­րե­նի լեռ­նե­րէն, լեռ­նա­դաշ­տե­րէն շատ հե­ռու մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ աշ­խա­տանք որո­նող համ­շէնցի­ներ կան։ Միւս կող­մէ հա­րեւան եր­կի­րէ ալ աշ­խա­տանք ճա­ռելու հա­մար դէ­պի այս կող­մեր եկող չար­քաշ մարդկանց գո­յու­թիւնը հե­տաքրքրա­կան հա­կասու­թիւն մը կը պար­զէ։

Քու­մա­սալի եւ Ռիւզկա­րի մայ­րը Էմէլ առա­ւօտո­ւայ առա­ջին շո­ղերով մէկ դուրս կ՚ել­լէ, մէկ ներս կը մտնէ եւ կը պատ­րաստո­ւի աշ­խա­տան­քի եր­թա­լու։ Ես ար­դէն աւե­լի կա­նուխ արթնա­ցած եմ եւ տան դրան շե­մին սուրճս կ՚ըմ­պեմ։ «Պայ­մա­նագ­րա­կան աշ­խա­տու­թիւն մըն է վեց ամ­սո­ւայ հա­մար գոր­ծի սկսած էի, եւ այս շա­բաթ կ՚աւար­տի։ Եթէ բախտս բա­նի, Քե­մալ Փա­շայի առեւ­տուրի կեդ­րո­նին մէջ որ­պէս անվտան­գութեան պաշ­տօ­նեայ աշ­խա­տանք ճա­րեմ, շատ լաւ պի­տի ըլ­լայ։ Նա­խապէս ըրած էի այդ գոր­ծը։ Իսկ եթէ չստա­ցուի շա­տերու նման ես ալ ան­գործ եմ»։

Այս շրջա­կայ­քի մէջ աշ­խա­տան­քի կա­րեւոր մի­ջոց­ներն են թէ­յի մշա­կու­մը եւ առեւ­տուրի կեդ­րո­նի մէջ որե­ւէ գործ։ Այդ կեդ­րո­նի բա­ցու­մէն ետք Էմէ­լի նման շա­տեր աշ­խա­տան­քի առիթ ու­նե­ցան։ Գա­յագէօյիւ­յի երի­տասար­դութեան մէջ գոր­ծազրկու­թիւնը շատ է։ Քե­մալ Փա­շայի կամ Հո­փայի մէջ գործ գտնող­նե­րը բախ­տա­ւոր կը հա­մարո­ւին։ Էմէ­լի ամու­սի­նը Չե­թինի հա­մաձայն գիւ­ղի երի­տասար­դութեան կէ­սէն աւե­լին աշ­խա­տանք ճա­րելու հա­մար մեծ քա­ղաք­ներ գաղ­թած են։ անոնց շար­քին են նաեւ իր եղ­բայրնե­րը։ Իսկ ինք թէ­յի բեր­քա­հաւաք­ման եղա­նակէն դուրս վա­րոր­դութիւն կ՚ընէ մեծ բեռ­նա­տար­նե­րու վրայ։ Այստեղ տղա­մար­դոց մէջ բեռ­նա­տարի վա­րորդնե­րը շատ են։ Անոնք Վրաս­տան, Ատրպէյ­ճան, Հա­յաս­տան եւ Սեւ Ծո­վի այլ շրջան­ներ ապ­րանք փո­խադ­րե­լով յա­ւելեալ եկա­մուտ կ՚ապա­հովեն։

Համ­շէ­նի մէջ ապ­րուստը ապա­հովող միակ գոր­ծօ­նը դուրսի աշ­խա­տու­թիւնը չէ։ Ըն­տա­նիքի ամուր կա­պերը ապ­րուստի հիմ­քը կը կազ­մեն։ Յատ­կա­պէս թէ­յի մշա­կու­մը ըն­տա­նիքին հա­ւաքա­կան գլխա­ւոր եկա­մուտն է։ Ամուսնա­ցող­նե­րը այդ ըն­տա­նեկան տնտե­սու­թե­նէն ամ­բողջո­վին փրթած չեն ըլ­լար։ Մենք բեր­քա­հաւա­քի ժա­մանակ ըն­տա­նիքի բո­լոր ան­դամնե­րը ժրա­ջան կ՚աշ­խա­տին։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ երի­տասարդ ան­հատնե­րը հօ­րը հա­սոյ­թին ապա­ւինե­լու բար­դոյթ չեն ապ­րիր։ Այս պայ­մաննե­րու տակ ապա­հովո­ւած յա­ւելեալ գոր­ծե­րը ան­հա­տական ծախ­սե­րու, յա­տուկ ծախ­սե­րու հա­մար աղ­բիւր մը կը դառ­նան։

Քա­նի կը խո­րանայ Չե­թինի հետ զրոյ­ցը, հա­մար­ձա­կու­թիւն կը գտնեմ ան­հա­տական հար­ցումներ ալ ուղղե­լու։ Ամէն տա­րի նոյն բեր­քա­հաւա­քը, նոյն սահ­մա­նափակ մի­ջավայ­րը զզո­ւելի չի թո­ւի՞ր։ «Թէ­յը այս տա­րած­քի բա­րեբախ­տութիւնն է։ Թէ մեզ եւ թէ Վրաս­տա­նէն եկած բա­նուոր­նե­րը կը կշտաց­նէ։ Նոյ­նիսկ ու­րիշ աշ­խա­տանք չու­նե­նանք, թէ­յը կը բա­ւէ մեր ապ­րուստին հա­մար։ Ես զա­նազան տե­ղեր գտնո­ւած եմ, բայց կը սի­րեմ հայ­րե­նի եր­կիրս։ Քիչ մը աւե­լի գու­մար ստա­նալու հա­մար բնաւ մտա­դիր չեմ իմ երկրէն հրա­ժարե­լու։ Կար­ծա­ծիդ չափ միապա­ղաղ չէ մեր կեան­քը։ Ըն­կերներ ու­նիմ, որոնց հետ դաշ­տե­րը կ՚ել­լանք, վրան կը կազ­մենք, քէյֆ կ՚ընենք։ Ու­րախ կեանք ու­նինք այստեղ։ Մա­նաւանդ ալ տա­րեց­նե­րու նկատ­մամբ մեր յար­գանքը ան­պա­կաս է։ Կը սի­րենք իրենցմէ խոր­հուրդ հարցնել։ Խոս­տո­վանիմ թէ խոր­հուրդ հարցնե­լով հան­դերձ շատ ան­գամ կը գոր­ծենք այնպէս, ինչպէս որ ու­զած էինք, բայց զար­մա­նալով կը տես­նենք թէ անոնք միշտ իրա­ւացի կ՚ել­լեն շնոր­հիւ իրենց եր­կար տա­րինե­րու փոր­ձա­ռու­թեան»։

Կի­ները, առա­ւօտէ մին­չեւ գի­շեր ամէն կողմ են։ Ներս, դուրս, մաք­րութիւն, պար­տէզ, պզտիկ­նե­րուն խնամ­քը… միշտ ան­հոգ հա­յեացք մը դէմ­քե­րուն։ Մարմնա­պէս շատ կը յոգ­նին, բայց այդ յոգ­նութիւ­նը չես նկա­տեր անոնց դէմ­քին վրայ։ Մի քա­նի զրոյցներ, որ կ՚ու­նե­նամ, կ՚ըսո­ւի թէ հոս կի­ներու հան­դէպ անար­գանքը կամ դա­ժանու­թիւնը անըն­դունե­լի է։ «Տկար է» կամ «Խել­քը չի հաս­նիր»ի նման որա­կումնե­րը ար­դէն յան­ցանք է։ Պո­ռալ, կան­չել, հայ­հո­յել… ծե­ծել օտար բա­ներ են հոս։ Համ­շէնցիք կը յար­գեն կի­ները եւ մա­նուկնե­րը։

Այ­շէ քաջ կին մըն է։ Իր կեան­քի մա­սին բա­ներ մը գի­տեմ։ Տու­նին ետե­ւը պար­տէզ մը ու­նի։ Եգիպ­տա­ցորեն­նե­րը հա­սակ առած են։ Կը մտադ­րեմ Այ­շէի դի­ման­կա­րը առ­նել այդ եգիպ­տա­ցորեն­նե­րուն առ­ջեւ։ Կ՚առա­ջար­կեմ մի քա­նի պատ­կեր քա­շել, կ՚ըն­դունի։ Նկա­րահան­ման ըն­թացքին կը տես­նեմ թէ որ­քան հպարտ է այս մայ­րը, կի­նը կամ մեծ մայ­րի­կը իր պար­տէ­զով։ Ին­չեր չո՞ւնի որ հոն ֆա­սու­լիա, կա­ղամբ, վա­րունգ եւ այլն։ Բո­լորն ալ աճած են եգիպ­տա­ցորեն­նե­րու հա­կերուն տակ։ Ճիշդ որո­շում էր Այ­շէն նկա­րել իր պոս­թա­նին մէջ։ Այդ պար­տէ­զը իր ներ­քին աշ­խարհն է կար­ծես։

Ապա կը զրու­ցենք այս գա­ղու­թին մէջ կի­ներու դիր­քին մա­սին։ Կար­ծես սի­րած նիւթն է որ բա­ցի։ Կին ըլ­լա­լուն եւ ան ալ չար­քաշ կին մը ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ կար­ծես ան­մեղ հպար­տութիւն մը կայ երե­սին։ Աչ­քե­րը կ՚ըսեն, «ու­րախ եղիր, որ կին արա­րած կայ այս աշ­խարհի վրայ»։ Հաս­տա­տում մը՝ որուն հա­ւատա­ցած եմ ամ­բողջ կեան­քիս ըն­թացքին։

Համ­շէնցի կի­ները շատ չար­քաշ, շատ կ՚աշ­խա­տին… իրենց պա­րագան տղա­մար­դոցմէ աւե­լի դժո­ւար է։ Տան գոր­ծե­րը, դուրսի գոր­ծե­րը բո­լորն ալ իրենց վրայ։ Տղա­մար­դիկ գոր­ծա­տեղի կ՚եր­թան կամ հո­ղագործ են եւ վերջ։ Կի­ները ներս-դուրս կ՚աշ­խա­տին, թէյ կը հա­ւաքեն, կե­րակու­րէն մաք­րութեան, զա­ւակ­նե­րուն եւ ամէն ին­չին կը հո­գան։ Խօս­քերնին ալ ատեն ատեն միայն կը գա­լէ մեր տա­րեց սե­րունդի առօ­րեայ կեան­քին մէջ։ Քա­նի որ էրիկ­մարդ քիչ մը յա­մառ են։ Կ՚ու­զեն ու­զածնին ըլ­լայ։ Ու­րեմն երբ կո­պիտ խօս­քին, մենք կի­ներս ընդհան­րա­պէս լռենք, բայց ատեն ատեն եթէ շատ խօ­սին, մենք ալ մեր խօս­քը կ՚ըսենք։ Բայց նոր սե­րունդի մօտ տար­բեր կ՚ըն­դա­նայ աղ­ջիկ-տղայ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ Այ­սօր մեր երի­տասարդ աղ­ջիկնե­րուն խօս­քը զօ­րաւոր է, տղա­մարդկանց հետ հա­ւասա­րու­թիւն մը կայ։ Լռե­լու պար­տա­ւոր չեն զգար։ Ինչ որ տղա­քը կ՚ընեն, աղ­ջիկներն ալ նոյ­նը։ Առաջ միայն տղաք դուրս եր­թա­լու, ազատ ազատ խօ­սելու իրա­ւունք ու­նէին, աղ­ջիկնե­րը ո՛չ։ Հի­մա այդպէս չէ այ­լեւս։ Ես անձնա­պէս գոհ եմ այս նոր կա­ցու­թե­նէն։ Ին­չո՞ւ խեղճ աղ­ջի­կը իրա­ւունք չ՚ու­նե­նայ մար­դու նման ապ­րե­լու, ար­տա­յայ­տո­ւելու։ Ինքզինք ին­չո՞ւ տան մէջ բան­տարկէ եւ դժբախտ առանձնու­թեան մը մէջ ապ­րի։ Եթէ տղա­քը կը վա­յելեն, թող աղ­ջիկներն ալ վա­յելեն կ՚ըսեմ։ Իրա­ւունքը իրա­ւունք է, եր­կուքին ալ։ Այ­սօ­րուայ սե­րունդի կի­ները շատ լաւ են։ Իրենց իրա­ւունքնե­րը գի­տեն եւ կը վա­յելեն։ Իմ ժա­մանակս գի­տե՞ս ինչպէս էր։ Ես 1981-ին ամուսնա­ցայ։ Կը կար­ծես, որ ին­ծի պէս աղջկան պի­տի հարցնէին թէ ի՞նչ կ՚ու­զեմ կամ ո՞վ կ՚ու­զեմ։ Ո՛չ, քեզ մէ­կը գտած ենք կ՚ըսէին եւ կ՚ամուսնա­նար, վերջ։ Ար­դէն ու­զող ըլ­լար, շուտ մը կը նշա­նէին։ Այ­սօ­րուայ աղ­ջիկնե­րը, եթէ իր ձեռ­քը ու­զո­ղը չի հաւ­նի, ար­դէն «Չեմ եր­թար» կ՚ըսէ, «Չեմ ու­զեր» եւ եթէ ար­դէն սէր ըլ­լայ եւ ըսեն «Ես այս տղան կը սի­րեմ», ար­դէն ծնող­քը պէտք է ըն­դունի։ Մեր ժա­մանա­կուայ պէս, սի­րես-չսի­րես պէտք է ամուսնա­նաս չկայ։ Սէ­րը կա­րեւոր է։ Նոյ­նիսկ հա­րուստի-աղ­քա­տի խնդիր չըլ­լար։ Սէ­րը սուրբ է։ Մեր ժա­մանակ սէ­րը գաղտնի էր։ Միայն տղան ու աղ­ջի­կը գի­տէին։ Փո­ղոց­նե­րը միասին ել­լել, ձեռք ձեռ­քի քա­լել չկար։ Գոց էր ամէն ինչ։ Նոյ­նիսկ եթէ այ­սօր այսքան ամուսնու­թեան տա­րինե­րէ վերջ, յան­կարծ ես օր մը փո­ղոց ել­լեմ ամու­սի­նիս հետ ձեռք ձեռ­քի, մար­դիկ վրա­նիս պի­տի խնդան, պի­տի ծի­ծաղեն, որով­հե­տեւ առա­ջին օրէն իսկ վարժ չեն եղած։ Բայց հի­մա ամէն մարդ գի­տէ, եթէ եր­կու երի­տասարդ զի­րար կը սի­րեն, հայրն ալ, մայրն ալ, դրա­ցին ալ… արար աշ­խարհը գի­տէ եւ բնա­կան կ՚ըն­դունի, նոյ­նիսկ իրար հետ դուրս կ՚եր­թան, ու­րիշ քա­ղաք­ներ կը պտը­տին նշան­տուքէն առաջ եւ խնդիր չըլ­լար։ Երբ որ «Մենք զի­րար կը սի­րենք» ըսո­ւի, խնդի­րը ըն­դունո­ւած կ՚ըլ­լայ։ Այս գա­ղու­թին մէջ ստի­պողա­կան ամուսնու­թիւն չկայ։ Իրբ ծնողք մե­զի ըսէ աղ­ջիկ մը, թէ մէ­կը կը սի­րէ, վեր­ջա­ցաւ խնդի­րը։ Մենք չենք խառ­նո­ւիր այ­լեւս։ Կ՚ու­զես, առ կ՚ըսենք։ Վեր­ջէն եթէ ձա­խորդ ըլ­լայ ամուսնու­թիւնը, դուն որո­շեցիր, դուն առիր կ՚ըսենք։ Մենք չստի­պեցինք կ՚ըսենք։ Ես կը կար­ծեմ աշ­խարհը աւե­լի ար­դար է դար­ձած հի­մա։ Առաջ չէինք գի­տեր մեր իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նել եւ ապ­րիլ ։ Հի­մակո­ւայ աղ­ջիկնե­րուն հա­մար ու­րախ եմ։ Մար­դու պէս կ՚ապ­րին, եւ այս նո­րու­թիւնը դպրոց­նե­րէն, հե­ռատե­սիլէն, թեր­թե­րէն, գիր­քե­րէն, լու­րե­րէն եւ շատ մը տար­բեր մի­ջոց­նե­րու հե­տեւանքն է։ Աղ­ջիկնե­րու նոր սե­րունդին աչ­քե­րը բա­ցուե­ցան։ Այ­սօր հա­մալ­սա­րան ալ գա­ցող շատ կայ։ Զար­գա­ցած աղ­ջիկնե­րը շատ են։ Աղո­ւոր բան մըն է։ Բայց ըսեմ նոյն ժա­մանակ, թէ մեր սե­րունդը աւե­լի համ­բե­րող էր եւ կեան­քի դժո­ւարու­թիւննե­րու թէմ պայ­քա­րիլ գի­տէր։ Հան­դուրժել գի­տէինք։ Հի­մակո­ւայ սե­րունդը քիչ մը տկար է կեան­քի դժո­ւարու­թիւննե­րը յաղ­թա­հարե­լու։ Պզտիկ բան մը ըլ­լայ, շուտ մը կը քա­շուին եւ «Ես չեմ հան­դուրժեր» կ՚ըսեն։ «Ին­չո՞ւ տա­ռապիմ» կ՚ըսեն։ Անոր հա­մար մեր սե­րունդի ամուսնու­թիւննե­րը յա­ւիտեանս կ՚ըլ­լա­յին, իսկ այ­սօ­րուան­նե­րու մօտ, ամուսնա­լու­ծումը յա­ճախա­կի է։ կայ։ Մե­զի պէս «Պէտք է տո­կամ» չեն ըսեր։ Տղա­մար­դը եթէ քիչ մը խիստ ար­տա­յայ­տո­ւի, շուտ մը «Ես չեմ դի­մանար» կ՚ըսէ կի­նը եւ կը բաժ­նո­ւի։ Մենք ո՞ւր, իրենք ո՞ւր, մեր ատե­նը…լաւն ալ, գէշն ալ կ՚ապ­րէինք։ Փառք Աս­տուծոյ կրցանք մին­չեւ հոս գալ։ Դժբախ­տա­բար նոր սե­րունդի ամուսնու­թիւննե­րը դժո­ւար են։ Համ­բե­րան­քը պա­կաս, կեան­քի հետ հաշ­տութիւ­նը պա­կաս։ Հան­դուրժե­լը դժուար է իրենց հա­մար։

Վեր­ջին առա­ւօտս է Գա­յագէօյի­ւի մէջ եւ ահա Քե­մալ­փա­շա պի­տի հաս­նիմ եւ օտար մը զիս կ՚անար­գէ սրճա­րանին մէջ։ Վեր­ջա­ւորու­թիւնը այսպէս է յստակ։ Ես ին­չո՞ւ որ­պէս հայ մը հոս եկած եմ, չի կրնար ըմբռնել։ Հասկնա­լու, հարցնե­լու նպա­տակ ալ չու­նի։ Ուղղա­կի կ՚անար­գէ զիս եւ կը վռնտէ իր երկրէն։ Չեմ ու­զեր այս վեր­ջա­ւորութեան լե­ղիու­թեամբ տուն վե­րադառ­նալ։ Երա­նի ինք մարդ ըլ­լար եւ ըսեր, «Թա­մամ, սխալ ըրի, քեզ սե­ղանս հրա­ւիրե­ցի։ Վնաս չու­նի։ Հիւրս եղար եւ ես զիս պի­տի զսպեմ։ Քիչ մը հան­դարտ սոհ­պեթ ընենք»։ Երա­նի ես ալ աւե­լի քաջ, աւե­լի պար­տադրող ըլ­լա­յի, որ ինք իր գիտ­ցած պատ­մութիւ­նը պատ­մէր, ծուռ կամ շի­տակ եւ ես մտիկ ընէի սար­սուռով, բայց չե­ղաւ։ Ին­չո՞ւ։ Քա­նի տա­կաւին մենք եր­կուքս ալ հի­ւանդ մար­դիկ ենք։ Ազնւու­թե­նէ պա­կաս, տա­կաւին հի­ւանդ, մէ­կու մը ըսա­ծին պէս։ Տա­կաւին եր­կար ճամ­բայ մը կայ առ­ջեւնիս, որ զի­րարու քիչ մը ցա­ւը տա­նիլ վար­ժո­ւինք եւ դեռ այդ ճամբան ալ գրեթէ չենք ելած։

Լուսանկար՝ Պերճ Արապեան

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/22722/hamsheni-ir-arantsnahadgutiwnnyervov 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ