Աքշեներ խօսած է Թուրքիոյ մէջ գործող կառավարման համակարգին եւ հիմնադրուելիք նոր կուսակցութեան մասին

Թուրքիոյ Լաւ կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեներ յայտնած է, որ ուժեղացուած խորհրդարանական համակարգը Թուրքիոյ համար աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ: Ան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի ստեղծելիք կուսակցութեան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ենի չաղ» թերթը:

«Կը կարծեմ, որ նախագահական կամ կիսանախագահական համակարգի փոխարէն անհրաժեշտ է կիրարկել աւելի ժողովրդավարական համակարգ: Գործող համակարգը որդեգրուած է արագօրէն եւ բաւարար չափով չէ քննարկուած հասարակութեան շրջանակին մէջ», նշած է ան:

Աքշեներ նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ 11-րդ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ նախկին փոխվարչապետ, տնտեսութեան նախարար Ալի Պապաճանի կողմէ նոր կուսակցութիւն հիմնելու նիւթին:

«Կը հաւատամ, որ նոր կուսակցութիւնը յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ եւ ընտրողներու համար իբրեւ այլընտրանք պիտի ծառայէ», եզրափակած է ան:

Ալի Պապաճան 8 յուլիսին յայտնած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն հեռանալու մասին:

Կը նախատեսուի, որ ան գարնան Կիւլի հետ հիմնէ նոր կուսակցութիւն:

http://www.aztagdaily.com/archives/446877 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ