«Կիլիկիա` առիւծներու երկիր» ժապաւէնին նախաձեռնող խումբի ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը «Ազդակ»

Երէկուան մեր թիւով հաղորդած էինք, որ «Մեթրոփոլիս Ամփիր Սոֆիլ» շարժապատկերի սրահին մէջ առաջին անգամն ըլլալով ցուցադրուեցան Խաչատուրեան ընտանիքին նախաձեռնած եւ Աշոտ Առաքելեանի բեմադրած «Կիլիկիա` առիւծներու երկիր» եռամաս ժապաւէնին նախագծային հատուածները: Այս առիթով «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան ժապաւէնի բեմադրիչ եւ «Տոմինօ փրոտաքշըն»-ի հիմնադիր Աշոտ Առաքելեան, ԳՈՀԱՐ-ի ընտանիքի անդամներէն` Շահէ Խաչատուրեան եւ ԳՈՀԱՐ-ի գործադիր տնօրէն եւ ժապաւէնի արտադրող Սեւակ Սերոբեան:

Խորհրդակցութիւնը կը վերաբերէր ժապաւէնի նախագիծի մշակման մասնագիտական մանրամասնութիւններուն, կատարողականութեան բարձրագոյն որակին, բեմագրական եւ բեմադրական արհեստավարժութեան, միջազգային ֆիլմարուեստի առումով անոր ներկայացուցած մրցունակութեան եւ հայկական իրականութեան մէջ անոր բերած շարժապատկերային նոր մշակոյթին ու արուեստին: Հանդիպումը առիթ էր նաեւ խօսելու ԳՈՀԱՐ-ի հետագայ ծրագիրներուն եւ «Ազդակ»-ի հետ համագործակցութեան անցած եւ գալիք ուղիներուն մասին:

http://www.aztagdaily.com/archives/446255 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ