ՊՈԼԻՍ.-Թուրք մասնագէտներ ահազանգ հնչեցուցին, որ երկիրը կանգնած է անապատացման եւ երաշտի վտանգի սեմին։ Ըստ անոնց՝ գիւղատնտեսական նշանակութիւն ունեցող հողատարածքներուն 47 տոկոսը անապատացման վտանգ կը դիմագրաւէ, որովհետեւ տարեկան 640 միլիոն թոն հող կ՛ոնչնչանայ հողատնտեսական տարածքներու վերին շերտերէն, հողը հետզհետէ աւելի անբերրի դարձնելով։ Առատ բերքի համար քիմիական նիւթերու օգտագործումը աւելով կը փճացնէ հողը։ Մասնագէտները դիտել կու տան, որ անապատացումը կանխելու համար, համակարգուած ծրագիր մը պէտք է որդեգրուի։
Asbarez.com
Leave a Reply