Կը կառուցուի Շըրնախի պատմական եկեղեցին

Շըրնախի Պէյթուլշեպափ գաւառի Կեզնախ գիւղի մէջ նոր եկեղեցի կը կառուցուի։ Քաղդէացիներով բնակեցուած Կեզնախ (Ճեվիզաղաչ) գիւղը 1990-ական տարեթիւերուն բռնօրէն ամայացուած էր։

Գիւղի բնակիչները հարկադրուած եղան Միտեաթ, Մարտին եւ Եւրոպայի զանազան քաղաքներ գաղթելու։ Տարիներ անց իրենց հայրենի գիւղը վերադարձող ութը ընտանիք ձեռնարկած են աւերակուած Մոր Եուհանոն եկեղեցւոյ անմիջական հարեւանութեամբ նոր եկեղեցի մը կառուցելու նոյն անունով։

Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայր Իսհակ Էրկիւնի եւ գիւղացիներու մասնակցութեամբ։ Միտեաթի պատմական Մօր Կապրիէլ վանքի հիմնադրամը աջակցութիւն կը բերէ եկեղեցւոյ շինութեան։ 1985-ի մարդահամարի համաձայն Շըրնախի եւ շրջակայքի մէջ կը բնակէին 6 հազար 863 ասորիներ։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/22669/gi-garutsui-shirnakhi-badmagan-yegyeghyetsin 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ