Փայլան քննադատած է թուրք ազգայնական պատգամաւորը` հակահայկական արտայայտութիւններուն համար

Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան անդրադարձած է «Գորշ գայլեր»-ու քաղաքական միաւորում հանդիսացող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան` Իգտիրէն նախկին պատգամաւոր, հակահայկական գործունէութեամբ յայտնի Սինան Օղանի Թուիթըրեան գրութեան:

Ազգայնական գործիչը իր դժգոհութիւնը յայտնած է Իգտիրի, Կարսի եւ Վանի մէջ հայկական պատուիրակութիւնների այցերու, մասնաւորապէս` Համահայկական խաղերու պատուիրակութեան այցի վերաբերեալ: «Դեռ չեն հասած չորնալ ընտրութիւններու քուէաթերթիկներու վրայի կնիքները, բայց արդէն հայկական պատուիրակութիւնները իրարու հետեւէն յաճախակի կ՛այցելեն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան յաղթած Կարսի, Վանի, Իգտիրի քաղաքապետարաններ: Պատահականութիւ՞ն է: Չե՛մ կ’արծեր»,- նշած է Օղան:

Ի պատասխան այս գրութեան` Փայլան գրած է. «Ցեղապաշտները, ժողովուրդներու միջեւ գիծեր քաշելով, ատելութեան քաղաքականութիւն կ՛իրականացնեն: Ժողովրդավարներն ալ, կամուրջներ կառուցելով, այդ սահմանները կ՛իմաստազրկեն: Դուք ցեղապաշտ փանթիւրքիստ էք: Մենք կը հաւատանք ժողովուրդներու եղբայրութեան: Եւ ժողովուրդները անպայման պիտի գրկախառնուին»:

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ