Ակնարկ. ԵԱՀԿ-ի մէջ հայկական առաւելներ թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Պաքուի ուղղութեամբ

ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին համար արցախեան հակամարտութեան մասին պատրաստուած զեկուցումին մէջ  օգտագործուած էր այնպիսի եզրաբանութիւն, որ  կը պաշտպանէր Ազրպէյճանի շահերըԵզրաբանութիւնը  բնականաբար միակողմանի էր  եւ համահունչ չէր հաւասարակշռութիւն պահպանող միջնորդական առաքելութեան օգտագործած բառապաշարին եւ ըսելաձեւերուն: ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին զեկուցողը   նկատի պէտք է ունենար ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն օգտագործած եզրոյթները իրավիճակի գնահատական ձեւակերպելու ընթացքին եւ որեւէ կերպ հակասութիւն պէտք չէ ստեղծեր միեւնոյն կառոյցի այն խմբակին հետ, որ լիազօրուած էր միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու: Խօսքը կը վերաբերի իրլանտացի զեկուցողին կողմէ օգտագործուած «Ազրպէյճանական 7 տարածքներ» ասոյթին:

Միակողմանի մօտեցում ներառած զեկուցումը բնականաբար չէր կրնար հիմք ծառայել բանակցութիւններու: Գերակայ պիտի նկատուէին համանախագահներուն մօտեցումները, յայտարարութիւններն ու կոչերը: Համանախագահներու վերջին իրերայաջորդ հրապարակումները նման եզրոյթներ չէին օգտագործած:

Անշուշտ ազրպէյճանական կողմը աշխատած էր իրեն յատուկ միջոցներով. եւրոպական կառոյցները իրազեկ են այն մեթոտաբանութեան, որ Պաքուն ի գործ կը դնէր հերթական անգամ բանաձեւեր որսալու: Այն փաստը, որ ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամը նման բանաձեւի նախագիծ կը նկատէ հաւասարակշռուած, կը խօսի արդէն ազրպէյճանական ծանօթ միջոցներու կիրարկման մասին:

Բանաձեւի նախագիծին մէջ փոփոխութիւն ներառելու թիրախային աշխատանքը արդիւնաւորուած է: Հայկական կողմի բազմաուղղութեամբ աշխատանքը յանգած է հակահայկական ձեւակերպումներու դուրս բերման. հիմնաւորումը պարզ է: ԵԱՀԿ-ի առնչուած որեւէ բանաձեւ չի  կրնար խախտել համանախագահներուն ստեղծած միջնորդական հաւասարակշռութիւնը: Մանաւանդ որ ամբողջ բանակցային գործընթացը կը շարունակէ ընթանալ Հելսինքեան սկզբունքներուն վրայ, որոնք կը բացառեն ուժի կիրարկումը, կը յարգեն իրաւահաւասարութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:

Չմոռնանք, որ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ է 57 երկիր, որոնք ունին 350 պատգամաւոր. հետեւաբար բազմաթիւ ուղղութիւններով աշխատանքը յանգած է արդիւնքի եւ ԵԱՀԿ-ը փաստօրէն մերժած է ինքնահակասական ընթացքը:

Դիտարկում-տեղեկութիւն մը այս առիթով կրնայ որոշ լոյս սփռել զեկուցաբերին մասին: 2013-ին Ալան Ֆարելը ընկերային ցանցերով անյարմար գրառում կատարած էր երգիչի մը մասին եւ ապա իր կայքով ներողութիւն խնդրած:

Մնալով ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ` զուգահեռ զեկուցումէն հակահայկական ձեւակերպումները դուրս բերելու փաստին, ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի մարդու իրաւունքներու կոմիտէն կ՛ողջունէր իտալական խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Ֆրանսայի կողմէ ապրիլի 24-ի սահմանումը իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:

Հայկական կողմը առաւելներ կ՛արձանագրէր թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Պաքուի ուղղութեամբ:

http://www.aztagdaily.com/archives/444719

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ