Քրտամէտ կուսակցութեան պատգամաւորը ասորիներու 1915ի ջարդերը ուսումնասիրելու կոչ կ՛ընէ

ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Մարտինէն պատգամաւոր Թումա Չելիք խորհրդարանին մէջ օրակարգի նիւթ դարձուց ասորիներու ջարդերուն հարցը, առաջարկելով ուսումնասիրել համապատասխան պաշտօնական փաստաթուղթերը՝ անցեալի այդ էջին հետ առերեսուելու համար:

Չելիքի ներկայացուցած առաջարկին մէջ կ՛ընդգծուի, որ 1915էն սկսեալ հարիւր հազարաւոր ասորիներ սպաննուած եւ աքսորուած են:

Ասորիները այս դէպքերը «Սայֆօ» կ՛անուանեն:

Asbarez.com

  

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ