Թուրքերը Գերմանիոյ մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպած են Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի կանգնեցման դէմ

Թուրքերը բողոքի ցոյց կազմակերպած են Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրտ քաղաքի հարեւանութեամբ գտնուող Փոլհէիմ բնակավայրի ղեկավարութեան կայացուցած որոշումին կապակցութեամբ, ըստ որուն՝ կը նախատեսուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան կանգնեցնել: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Haber 7-ը։

Այս որոշման դէմ ելած է տեղի թրքական կազմակերպութիւններէն մէկը՝ «Թրքական միութիւններու նախաձեռնութեան փլաթֆորմ»-ը, որ բողոքի ցոյց իրականացուցած է  աւագանիի շէնքին դիմաց` պահանջելով որոշումը չեղեալ յայտարարել։

Ցուցարարները տեղական իշխանութիւնները կը մեղադրեն իսլամներու իրաւունքները անտեսելու եւ թշնամութիւն սերմանելու մէջ:

Yerakouyn.com

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2019
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ