«Արաս»էն նոր գիրքեր

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց Ուիլեըմ Սարոյեանի երկու գործերու թրքերէն թարգմանութիւնները: «Yüreğim Dağlardadır» եւ «En Güzel Günlerin» խորագիրները ունին նշեալ երկու գործերը: Էճէ Էրօղլուի կողմէ կատարուած է անգլերէնէ թրքերէն թարգմանութիւնը երկու գիրքերուն: Երկու գործերն ալ թատրերգութիւններ են եւ հրատարակութեան պատրաստուած են Լորա Սարըի կողմէ:

Հարկ է նշել, որ 2003ին, «Արաս» հրատարակչութիւնը Սարոյեանի այս երկու գործերը լոյս ընծայած էր մէկ կողքի մէջ: Ներկայիս այս երկու գործերը առանձին գիրքերու ձեւաչափով վերահրատարակուած են՝ վերատեսութեան ենթարկուած թարգմանութեամբ:

«Արաս»ը արդէն Ուիլեըմ Սարոյեանի ութերորդ գիրքը կը դնէ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2019
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ