Թուրքիոյ մէջ 17 մարդ 141 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած են

Անգարայի դատարանը հրապարակած է 15 յուլիս 2016-ին Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձ կատարելու համար կասկածուող, իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան կողմնակից եղողներու դատավճիռները, որոնք այդ օր գտնուած են Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի շէնքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Գործի ծիրին մէջ կասկածելիներուն թիւը 224 է: Անոնց շարքին է Թուրքիոյ օդուժի նախկին հրամանատար Աքըն Էօզթիւրք:

Դատարանը 17 մարդ, ներառեալ Էօզթիւրքը, դատապարտած է 141 տարուան բանտարկութեան: Դատապարտեալները պատիժը պիտի կրեն խիստ դրութեամբ բանտի մէջ:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Թուրքիոյ դատախազութիւնը հրամայած է ձերբակալել Կիւլենի կազմակերպութեան հետ ունեցած կապի համար 128 անձեր, որոնցմէ 48-ը գործող զինուորներ են:

Յիշեցնենք, թէ յեղաշրջումի փորձէն ետք աւելի քան 50.000 մարդ ձերբակալուած է, աշխատանքէ հեռացուած է 160.000 պետական պաշտօնեայ, ներառեալ` զինուորներ:

http://www.aztagdaily.com/archives/442713 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2019
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ