Քիւրտիստան եւ Լազիստան չկան ու պիտի չըլլան. Պահչելի

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի առանց անուն տալու, սակայն յստակօրէն ակնարկելով իշխող կուսակցութեան Պոլսոյ  քաղաքապետութեան թեկնածու եւ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին՝ ըսաւ. «Թուրքիոյ մէջ Քիւրտիստան եւ Լազիստան չկան։ Ասկէ ետք ալ պիտի չըլլան։ Եթէ կան անձեր, որոնք փափաքը ունին իրենց դիմաց տեսնելու այդ երկիրները, իրենց դիմաց մեր ազգայնապաշտ կուսակցութիւնը պիտի տեսնեն։ Բազմազանութեան, ինքնութեան ուրացումի եւ արմատներէ անջատուելու փափաք ունեցողները ապազգային դժբախտներ են։ Ասոնց հետ յաւիտենապէս պայքար պիտի մղենք»։

Յիշեցնենք, որ Տիգրանակերտի մէջ, քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած ընտրական հաւաքին ընթացքին, Եըլտըրըմ յայտարարած էր. «Աթաթիւրքի կողմէ հրաւիրուած պետական ներկայացուցիչներուն մէջ կային նաեւ Քիւրտիստանի եւ Լազիստանի երեսփոխանները»։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2019
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ