Կարսի ատրպէյճանցիները բողոքի ցոյց կազմակերպած են Հայաստանի պատուիրակութեան այցին պատճառով

Կարսի «Կովկասի համալսարան»-ի ատրպէյճանցի ուսանողները բողոքի գործողութիւններու դիմած են հայկական պատուիրակութեան՝ Կարսի քաղաքապետարան կատարած այցելին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Yeniakit-ը։

Նշենք, որ նախօրէին, Համահայկական խաղերու կազմկոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած էր Կարսի քաղաքապետարան:

Կարսի այգիներէն մէկուն մէջ հաւաքուած ատրպէյճանցի ուսանողները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են քաղաքապետարանին` յիշեցնելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, ուր՝ իրենց պնդումով` «սպաննուած են հազարաւոր քաղաքացիներ եւ անպաշտպան տեղացի քիւրտեր ու ատրպէյճանցիներ»:

Անոնք վերոյիշեալ յայտարարութեամբ փորձած են քիւրտերը տրամադրել հայերուն դէմ:

Ատրպէյճանցի ուսանողներէն մէկը՝ խօսելով թուրք-ատրպէյճանական եղբայրութեան մասին՝ նկատել տուած է, որ ատրպէյճանցիները Թուրքիոյ կողքին եղած են նաեւ 2016 Յուլիս 15-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձին ժամանակ:

Բողոքի շարժման հեղինակները յիշեցուցած են Կարսի քաղաքապետ Այհան Պիլկէին, թէ ինչպէս ան ընտրուելէն ետք յայտարարած էր, որ Կարսի մէջ յաղթած է «ատրպէյճանական, թրքական եւ քրտական եղբայրութիւնը», մինչդեռ հիմա կ՝ընդունի հայկական պատուիրակութեան անդամները:

Yerakouyn.com

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2019
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ