Տիարպեքիրի պատմական պարիսպներուն մէկ հատուածը շինարարական աշխատանքներու պատճառով փլած է

UNESCO-ի պաշտպանութեան տակ գտնուող այժմեան Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի պատմական պարիսպներուն մօտ շինարարական աշխատանքներու հետեւանքով տեղի ունեցած է 2 մեթր փլուզում. Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, կը հաղորդէ Mezopotamya գործակալութիւնը:

UNESCO-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին վրայ գտնուող Տիարպեքիրի պատմական պարիսպները կը շարունակեն մեծ վնասներ կրել «Տիգրիսի հովիտ» (Dicle Vadisi) կոչուող այգիի շինարարութեան հետեւանքով: Թուրքիոյ շրջակայքի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Տիգրիսի հովիտ զուարճանքի հրապարակի ծրագիր»-ը քաղաքին մէջ մեծ դժգոհութիւններու պատճառ դարձած էր: UNESCO-ի պատուիրակութիւնը դիտարկումներու իբրեւ արդիւնք նշած էր, որ այս ծրագիրը մեծ վնաս կը հասցնէ տարածաշրջանի բնապահպանական համակարգին, եւ ատոր իբրեւ արդիւնք շինարարութիւնը դադրեցուած էր: Այնուհետեւ, Տիարպեքիրի վարչական դատարանը չեղեալ յայտարարած էր շինարարութեան արտօնութեան որոշումը: Սակայն, ընտրութիւններէն ետք, շինարարութիւնը վերսկսած է, քանի որ անիկա նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախընտրական խոստումներէն մէկն էր: Շինարարական հրապարակը կառուցուած էր պարիսպներու ամենատկար հատուածին վրայ, որուն իբրեւ արդիւնք եղած է 2 մեթր փլուզում:

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2019
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ