Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` մասնակցելով Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին եւ խօսելով Թուրքիոյ արտաքին մարտահրաւէրներուն մասին, անդրադարձած է նաեւ Ղարաբաղի հարցին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.հապեր» կայքը:
«Ազրպէյճանի հողերուն 20 առ հարիւրը բռնագրաւուած է: Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, միջազգային իրաւունքի եւ ատոր առնչուող ՄԱԿ-ի որոշումներուն ծիրին մէջ», ըսած է Չաւուշօղլու:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը իր խօսքի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Պաղեստինի, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Եմէնի եւ Կիպրոսի խնդիրներուն:
Նշենք, որ Մեքքայի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի ընթացքին թրքական պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէր Չաւուշօղլուն: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ներկայ չէր: Անոր բացակայութիւնը կ՛առնչեն անցեալ տարի Պոլսոյ մէջ սպաննուած սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութենէն ետք յառաջացած` Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա լարուածութեան:
Aztagdaily.com
Leave a Reply