Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը պիտի քննուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մէջ

Մայիս 22-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը պիտի քննի Պոլսոյ հայոց պատրիարքի` աւելի քան մէկ տասնամեակ չիրականացող ընտրութիւններուն հարցը:

Ինչպէս յայտնի է, Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան ծանր հիւանդութեան պատճառով 2008-էն ի վիճակի չէր պաշտօնավարելու: Այդ պատճառով մեկնարկած էր Մութաֆեանին փոխարինող պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: Սակայն 2010-ին թրքական պետութիւնը յայտարարեց, որ քանի որ պատրիարքը դեռ ողջ է, ապա նոր պատրիարքի ընտրութիւններ չեն կրնար ունենալ եւ կրնայ միայն պատրիարքի փոխանորդ ընտրուիլ:

Թէեւ նախապէս նման պաշտօն գոյութիւն չէր ունեցած, այնուամենայնիւ, շուտով կայացան փոխանորդի ընտրութիւնները: Բաւական խնդրահարոյց ընտրութիւններու արդիւնքով այդ պաշտօնին վրայ ընտրուեցաւ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան:

Երկարատեւ տարաձայնութիւններէ ետք տեղի ունեցան փոխանորդի նոր ընտրութիւններ, երբ Աթէշեան պարտուեցաւ։ Սակայն Պոլսոյ նահանգապետարանը անմիջապէս յայտարարեց, թէ իրաւական տեսակէտէ այդ ընտրութիւնները վաւերական չեն:

2019-ի Մարտ 8-ին Մեսրոպ Մութաֆեան վախճանեցաւ, որ իրաւականաօրէն հնարաւոր դարձուց նոր պատրիարքի ընտրութիւնները: Սակայն նախորդող 11-ամեայ ժամանակահատուածին պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ կապուած կայացան շարք մը դատական որոշումներ, որոնք բողոքարկուեցան «կրօնի եւ խղճի ազատութեան ոտնահարման» հիմնաւորումով:

Մայիս 22-ի դատական նիստին Սահմանադրական դատարանը պիտի քննէ այդ որոշումներու արդարացիութիւնը ու անոնց դէմ ներկայացուած բողոքը:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2019
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ