Գերմանիոյ կառավարութիւնը կը խուսափի «Ցեղասպանութիւն» եզրը գործածելէ

Ինչպէս գիտէք՝ Գերմանիոյ խորհրդարանը յունիս 2016-ին վաւերացուց բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ ցեղասպանութիւն կը նկատէր 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործադրուած կոտորածները։

Խորհրդարանի այս որոշումը Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ կը դիտուի իբրեւ քաղաքական որոշում, որ իրաւական ուժ չունի, մայիս 19-ին յայտարարեց կառավարութիւնը՝ պատասխանելով ընդդիմադիր Ձախ կուսակցութեան այս մասին հարցագիրին։

Կուսակցութիւնը հարց կու տար, թէ կառավարութիւնը կը բաժնէ՞ արդեօք բանաձեւի արժեւորումները։ Կառավարութիւնը պատասխանեց, որ բանաձեւը քաղաքական որոշում մըն է, պաշտպանելով այն տեսակէտը, թէ դէպքերը ուսումնասիրելը եւ անոր վերաբերեալ արժեւորումներ կատարելը անկախ գիտնականներու պարտականութիւնն է։ Երկրորդ հարցումը, որ ուղղուած էր կառավարութեան հետեւեալն էր. «2016-էն ասդին կառավարութեան, նախարարութիւններու, պաշտօնական հաստատութիւններու, ելոյթներու եւ պաշտօնաթուղթերու մէջ 1915-ի դէպքերը կ՛որակուի՞ն իբրեւ ցեղասպանութիւն»։ Կառավարութիւնը այս հարցումին պատասխանին մէջ կը յիշեցնէ, որ բանաձեւին վաւերացումէն քանի մը օր ետք, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վոլթեր Շթայնմայէր Հայաստան գացած էր եւ հոն, պատասխանելով գերմանացի լրագրողի մը հարցումին՝ ըսած էր, որ կը զօրակցի խորհրդարանին վաւերացուցած բանաձեւին, ուրեմն ան չէր խուսափած ցեղասպանութիւն եզրը գործածելէ։ Նոյն հարցումին վերաբերեալ կը շեշտուի, որ այդ օրերու պաշտպանութեան նախարարը նոյնպէս ցեղասպանութիւն բառը գործածած էր 1915-ի դէպքերուն համար՝ ըսելով. «Ճիշդը այն է, որ 100 տարի ետք ի վերջոյ պաշտօնապէս ճանաչում գտնէ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։

Գերմանիոյ կառավարութիւնը հակառակ այս բոլորին, իր պատասխանին մէջ խուսափած է ցեղասպանութիւն բառը գործածելէ, արժանանալով Ձախ կուսակցութեան քննադատութիւններուն։

«Կառավարութիւնը մինչեւ այսօր չէ կատարած այս հարցով իր պարտականութիւնը։ Ուստի կը պահանջենք, որ յստակ քայլեր առնուին այս ուղղութեամբ։ Այնպէս կը տեսնուի, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները մտահոգ են Թուրքիայէն գալիք հակազդեցութիւններով եւ այդ պատճառով է, որ կը խուսափին 1915-ի դէպքերը իրենց անունով կոչելէ։ Ասիկա ցաւալի կացութիւն մըն է», կ՛ըսուի Ձախ կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ հակառակ Թուրքիոյ ծանր քննադատութիւններուն, Գերմանիոյ խորհրդարանը 2 Յունիս 2016-ին վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը եւ յանձնարարութիւններ տուաւ կառավարութեան՝ պահանջելով, որ լոյս սփռուի այդ դէպքերու գործադրութեան մէջ Գերմանական կայսրութեան ունեցած դերին վրայ, նոյն ժամանակ շեշտելով, թէ յոյժ կարեւոր է, որ Թուրքիա առերեսուի իր անցեալին հետ եւ հաշտութիւն հաստատուի թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2019
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ