Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի երեխաներու իրաւունքներու կեդրոնը հայցադիմում ներկայացուցած է Պոլսոյ հանրապետական դատախազութիւն` ընդդէմ ուղիղ եթերով 13-ամեայ հայ երեխան «կրօնափոխած» իսլամական քարոզիչին եւ թրքական ATV հեռուստաընկերութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Gazetekarinca-ն։
Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի վերոյիշեալ կեդրոնը հայցադիմումին մէջ նշած է.
«Կը պահանջենք, որ քրէական վարոյթ սկսի ա՛յն հեռուսատաընկերութեան նկատմամբ, որ թոյլ տուած է, որ այդ միջադէպը կատարուի մամուլի միջոցով եւ ա՛յն անձերուն նկատմամբ, որոնք ոտնձգութիւն կատարած են երեխայի կրօնի եւ խղճի ազատութեան դէմ»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող 13-ամեայ Արթուր անունով հայ տղուն համոզած էին ATV-ի ուղիղ եթերով իսլամ ընդունիլ։ Տղան նաեւ անուանափոխ եղած էր եւ ընդունած թրքական «Նիհաթ» անունը։ «Իսլամի ընդունումը» տեղի ունեցած էր թուրք յայտնի աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուի՝ ցուցադրութեան տարրեր ունեցող քարոզչական բնոյթի հաղորդման ժամանակ։
Yerakouyn.com
Leave a Reply