«Պիտի համարձակիմ ըսել, թէ մեր դրացիները պիտի ճանչնան Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը» կ՛ըսէ Ցիփրաս

Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչութեամբ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս պոնտոսցի յոյներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, թէ Յունաստանը վրէժխնդրութիւն չի պահանջեր, այլ արդարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Այն, ինչ որ տեղի ունեցած է 1914 եւ 1923 թուականներուն, յայտնի է բոլոր յոյներուն: Ատիկա խոր վէրք է հելլենիզմի մարմինին վրայ: Հարիւր հազարաւոր քրիստոնեայ յոյներ աքսորուեցան, դժուարութիւններէ վերապրեցան: Անոնցմէ շատեր կազմակերպուած բռնութեան զոհ դարձան: Ատիկա կը հաստատուի պատմական վկայութիւններով եւ գրութիւններով: Ատիկա ցնցող մարդկային ողբերգութիւն է», ըսած է Ցիփրաս:

«Պիտի համարձակիմ ըսել, որ զայն պիտի ճանչնան մեր դրացիները, որովհետեւ պատմութեան ճանաչումը լաւ դաս է ապրելու համար», ըսած է Ցիփրաս:

Յունաստանի վարչապետը յայտնած է, որ մտադիր է յանձնախումբ մը ձեւաւորել: Թեսաղոնիկէի Արիստոտելի անուան համալսարանի հնագիտութեան եւ պատմութեան կաճառին մէջ պիտի հիմնուի պոնտական հետազօտութիւններու ամպիոն:

Յունաստանի մէջ 19 մայիսին կը նշեն պոնտացի յոյներու ցեղասպանութեան յիշատակի օր:

http://www.aztagdaily.com/archives/438397 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2019
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ