Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի հետ տեսակցութեան արգելքը վերցուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
ՔԱԿ-ի ղեկավարը ձերբակալուած էր 1999-ին եւ մինչեւ օրս մեկուսացուած կը պահուէր Պոլսոյ մերձակայ Իմրալը կղզիին մէջ:
Դեկտեմբեր 2018-էն ի վեր շարք մը քիւրտ գործիչներ մինչեւ չորս օր տեւողութեամբ հացադուլ յայտարարած էին` Օճալանի մեկուսացումը վերցնելու պահանջով:
Leave a Reply