
Մեքսիքայի Միչոաքան նահանգի Քոնկրեսը մայիս 7-ին ընդունած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող յայտարարութիւն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, փաստաթուղթը ներկայացուած է կառավարող «Մորենա» կուսակցութեան պատգամաւոր Քրիսթինա Փորթիլօ Այալայի կողմէ: Յայտարարութիւնը ընդունելէ ետք Քոնկրեսը մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտընկայս յարգած է Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը: Փաստաթուղթի ընդունման ներկայ գտնուած է Միչոաքանի ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Յակոբ Սահակեան:
Սա առաջին դէպքն է, երբ Մեքսիքայի մէջ օրէնսդիր մարմինի մը կողմէ կ՛ընդունուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող յայտարարութիւն:
Yerakouyn.com




Leave a Reply