ՍՈԼՎԵՆԿ, Քալիֆորնիա.- Մարիա Ճեքոպսոնի Բարեկամներու ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 5 մայիսին, Սոլվենկի Բեթանիա Լուտերական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցի հիմնադիր՝ Մարիա Ճեքոպսոնի նուիրուած տարեկան յիշատակի արարողութիւնը։
Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ արարողութեան մասնակցեցաւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ աղօթքով, որ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Մարիա Ճեքոպսոնի կիսանդրիին շուրջ։
Ընկերակցութեան ատենապետ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ ներկայութեան համար։
Մովսէս քհնյ. Շաննագեան ներկայացուց առաջնորդ սրբազանին խօսքը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Մարիա Ճեքոպսոնին եւ որբախնամ բոլոր հիմնարկներուն, նաեւ խնդրելով Հայոց Ցեղասպանութեան Ս. նահատակներուն բարեխօսութիւնը բոլոր անոնց, որոնք նման աղէտներու կ՛ենթարկուին։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատուելի Քրիս Պրաուն իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց արարողութեան համար եւ հաստատեց, որ եկեղեցւոյ դռները միշտ բաց են նման առիթներու։
Յայտագիրը ունէր նաեւ գեղարուեստական բաժին։
Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով, ապա կազմակերպիչ յանձնախումբը ճաշով հիւրասիրեց մասնակցողները։
Asbarez.com
Leave a Reply