Անգարա կը դատապարտէ Եանիկեանի աճիւններուն Հայաստան տեղափոխումը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք՝ անցեալ շաբաթ, Հայաստան տեղափոխուեցան եւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ թաղուեցան աճիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Գուրգէն Եանիկեանի, որ 1973ին, 78 տարեկանին, Քալիֆորնիոյ Սանթա Պարպարա քաղաքին մէջ սպաննած էր Թուրքիոյ հիւպատոսը եւ անոր օգնականը։

Եանիկեանի աճիւններուն յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի օր, յատուկ արարողութեամբ մը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 6 մայիսին, խստօրէն դատապարտեց Եանիկեանի աճիւնները Հայաստան տանելու եւ հոն զինուորական հանդիսութիւններով հողին յանձնելու ձեռնարկը։ Հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «Խստօրէն դատապարտելի է կատաղի ահաբեկիչ մը աստուածացնելը կամ զայն ներկայացնելը իբրեւ հերոս։ Անընդունելի բան մըն է ասիկա եւ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ յանցանք, որ կը քաջալերէ ահաբեկչութիւնը։ Այս առթիւ, անգամ մը եւս կ՛ոգեկոչենք յիշատակը այդ երկու դիւանագէտներուն, որոնք նահատակուեցան մեր պետութեան հաւատարմօրէն ծառայելու ընթացքին»։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2019
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ