«Ո՞ւր են Ռազմական ատեանի գրառումները»

ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադառնալով նախագահ Էրտողանի Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող ելոյթներուն, հարց տուաւ թէ «ո՞ւր են Ռազմական ատեանի գրառումները»։

Փայլան ակնարկելով Էրտողանի «Մեր բոլոր արխիւները բաց են։ Ցանկացող գիտաշխատող կրնայ ուսումնասիրութիւններ ընել», ելոյթին, իր առարկութիւնը յայտնեց կարգ կը հարցումներով։

«Գիտաշխատողները եւ հետազօտողները Ռազմական ատեանի փաստաթուղթերու միայն մէկ մասին է, որ կրնան հասնիլ։ Այդ փաստաթուղթերը արդէն լոյս տեսած են ժամանակուայ գրաւոր մամուլի էջերուն վրայ։ Արդեօք տուեալ փաստաթուղթերը պետական արխիւին մաս չեն կազմե՞ր։ Եթէ կը կազմեն, անոնք առաջին անգամ ե՞րբ ցանկագրուեցան։ Գիտաշխատողներ ի՞նչ միջոցաւ պիտի կրնան հասնիլ այդ փաստաթուղթերուն»։

Բայցի այս Փայլան Խորհրդարանի ամպիոնէն ելոյթ ունենալով արդարութիւն պահանջեց 24 Ապրիլի նահատակներուն համար։ Կրկին եւս պահանջեց թէ այս նիւթը դրուի Խորհրդարանի օրակարգին։ Ան յիշեցուց, որ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը տասնեակներով պետութիւններու օրակարգին մտած է, բայց չէ յաջողած մեր երկրի Խորհրդարանին արժանի կերպով ներկայանալու։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/22388/vowr-yen-razmagan-adyeani-krarumnyeri 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2019
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ