«Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք». սպանական պարբերականը ներկայացուցած է Հայաստանի լաւագոյն տեսարժան վայրերու ցանկը

Սպանական Etheria Magazine պարբերականի կայքին մէջ «Հայաստան. 10 վայր եդեմական այգիին մէջ» վերնագիրով հրապարակուած է յօդուած մը, ուր կը պատմուի Հայաստանի մէջ հանգիստի եւ դիտարժան վայրերու մասին:

Լուսանկարիչ-ճանապարհորդներ Խուան Քառլոս Մունյեսի եւ Մար Ռամիրեսի հեղինակած յօդուածին մէջ կը ներկայացուին Հայաստանի գլխաւոր տեսարժան վայրերը, բնական արգելոցներն ու պատմամշակութային յուշարձանները, կը յայտնէ Tert.am-ը:

«Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք: Ճանապարհները ձեզի կը տանին դէպի Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ եղած երեւակայական սահմանը, ուր, կ՛ըսեն, գոյութիւն ունեցած է եդեմական այգին: Նոյն այստեղ կարելի է տեսնել աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը»,- կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:

Հայաստանի տեսարժան վայրերու գլխաւոր տասնեակին մէջ ներառուած են՝ Զուարթնոցի տաճարի աւերակները, Գառնիի հեթանոսական տաճարը, Գեղարդի եւ Խոր Վիրապի վանքերը, Սաղմոսավանքը, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, Սեւանայ լիճը` Սեւանավանքով, Հանրապետութեան հրապարակը, Կասկադ համալիրը, Մատենադարանը եւ այլն։ Ի դէպ՝ իւրաքանչիւր տեսարժան վայրին մասին ընթերցողներուն հակիրճ տեղեկութիւններ կը ներկայացուին:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2019
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ