Թուրք հիւպատոսը գնդակահարած Գուրգէն Եանիկեանի մասունքները Հայաստան փոխադրուեցան

Գուրգէն Եանիկեանի մասունքները փոխադրուեցան Երեւան եւ պիտի թաղուին Եռաբլուրի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Գրող եւ ճարտարագէտ Գուրգէն Եանիկեան ծնած է 1895-ին, Էրզրում: Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Եանիկեան 27 յունուար 1973-ին՝ 78 տարեկանին, Սանթա Պարպարայի մէջ գնդակահարեց Թուրքիոյ հիւպատոսը եւ անոր օգնականը, ապա ինքնակամ ներկայացաւ ոստիկանութեան եւ դատարանին մէջ խիզախօրէն պաշտպանեց հայոց ոտնահարուած իրաւունքները:

Եանիկեան 2 Յունիս 1973-ին ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Ան մահացաւ 27 փետրուար 1984-ին:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2019
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ