ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասենեակէն կը տեղեկանանք, թէ ան յստակացում պահանջած է փոքրամասնական համայնքային հաստատութիւններուն մէջ ընտրութիւններ կատարելու նոր կանոնագրութեան վաւերացման գծով ձգձգումներուն մասին։
Թուրքիոյ փոքրամասնական համայնքային հաստատութիւններու (վաքըֆ) ընտրութիւնները առաւել քան վեց տարիէ ի վեր տեղի չեն ունենար, որովհետեւ ընտրական կանոնադրութիւնը ջնջուած է 19 յունուար 2013ին: Նոր կանոնադրութիւնը, հակառակ փոքրամասնական համայնքներու բուռն պահանջներուն, տակաւին չէ հրապարակուած: Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, ի դերեւ հանելով ժողովրդավարական լուծում ակնկալող փոքրամասնական համայնքներուն յոյսերը՝ հրապարակեց շրջաբերական մը, որով «վարչութիւնները՝ մահուան կամ հրաժարումի հետեւանքով թափուր մնացած տեղերը պիտի կարենան լեցնել նշանակումներով»:
Այս նիւթին շուրջ Փայլան իր հարցապնդումը հասցէագրած է մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին, որուն ենթակայութեան տակ կը գործէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը. անոր մէջ կան հետեւեալ հարցումները.
– Ի՞նչ պատճառաբանութեամբ նշանակումի արտօնութիւն տրուած է չորս տարուան ժամկէտի մը համար ընտրուած անձերուն, որոնք 8-9 տարիէ ի վեր պաշտօն վարելով հանդերձ, դարձեալ չեն վաւերացուած իրենց համայնքներուն կողմէ.
– Նշեալ շրջաբերականին նպատակը արդեօք համայնքային մարմիններու ընտրութիւնները դարձեա՞լ յետաձգել, նոյնիսկ զանոնք բոլորովին վերացնե՞լն է.
– Համայնքային մարմիններու ընտրութիւնը կանոնակարգող կանոնադրութիւնը արդեօք ի՞նչ պատճառաբանութեամբ չի պատրաստուիր վեց տարիէ ի վեր: Կանոնադրութիւնը ե՞րբ պիտի հրապարակուի:
Asbarez.com
Leave a Reply