Հաղորդագրութիւն . Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան մասին

Հիմա, որ արդէն աւարտած է Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի յուղարկաւորութիւնն ու վերջին օծման արարողութիւնը, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը, ցաւակցելով պատրիարքի հարազատներուն եւ հայ համայնքին, կը յայտարարէ, թէ ուշադրութեամբ պիտի հետեւի Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան աթոռին համար ընտրութիւններու ընթացքին, յատկապէս` Թուրքիոյ իշխանութիւններու հաւանական միջամտութիւններուն:

Մութաֆեան պատրիարքի հիւանդութեան ամբողջ տեւողութեան, Թուրքիոյ իշխանութիւնները ամէն առիթ եւ կարելիութիւն օգտագործեցին պառակտելու համայնքը, խոչընդոտելու գործընթացը եւ խանգարելու համայնքին համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ունեցող այս իրաւունքի նուիրագործումը: Մութաֆեան պատրիարքի վախճանումը վերցուցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ որեւէ առարկութեան հիմնաւորում` շարունակելու ձգձգել պատրիարքի ընտրութիւնները:

ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը, տարբեր կեդրոններու եւ երկիրներու մէջ գործող իր գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ցանցով, պիտի շարունակէ արձագանգել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ` միջազգային օրէնքի համաձայն Թուրքիոյ հայ համայնքի իրաւունքներու ոտնահարման բոլոր փորձերուն:

Միաժամանակ կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ հայութեան, համայնքին համար ճակատագրական այս պահուն, ըլլալու միակամ եւ աներկբայօրէն պաշտպանելու իր իրաւունքները:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

19 մարտ 2019

http://www.aztagdaily.com/archives/431453 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ