Շուէտի Վեսթերոս քաղաքին մէջ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան հայ եւ ասորի զոհերուն յիշատակին նուիրուած յուշարձան պիտի կանգնեցուի:
Կը նշուի, որ յուշարձան կանգնեցնելու վերաբերեալ «Քրիստոնէադեմոկրատական» կուսակցութեան առաջարկը տեւական ժամանակ գտնուած է քաղաքային խորհուրդի օրակարգին վրայ: Խնդիրը լուծում չէր ստանար, քանի որ Շուէտի սահմանադրութեան համաձայն` քաղաքային խորհուրդները չեն կրնար որոշումներ կայացնել արտաքին քաղաքական հարցերու վերաբերեալ:
Աւելի վաղ քաղաքային խորհուրդին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններու խմբակցութիւնները համատեղ մամուլի ասուլիսին յայտարարած էին, որ իրենք կը ցանկան, որ յուշարձանը տեղադրուի, սակայն օրէնքով քաղաքապետարանը չի կրնարո տարածք յատկացնել յուշարձանին համար: Վերջիններս յայտարարած էին, որ հարցը կրնայ լուծուիլ, եթէ որեւէ կազմակերպութիւն կամ անհատ իր սեփական տարածքը յատկացնէ յուշարձանի տեղադրման համար: Այս յայտարարութեան առաջինը արձագանգած է եկեղեցին:
Վեսթերոսի եպիսկոպոս Միքայել Մորկըն եւ Եկեղեցւոյ խորհուրդի նախագահ Եորգեն Էքլանտ յայտարարութիւն տարածած են` յայտնելով, որ եկեղեցին պատրաստ է իրեն պատկանող հողատարածքներէն տարածք տրամադրել ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին համար:
Նշենք, որ Շուէտի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած առաջին յուշարձանը կանգնեցուած էր 2015-ի Մայիսին: Օրեպրօ քաղաքին մէջ կանգնեցուած յուշարձանի վրայ հայերէն, արամէերէն, յունարէն եւ շուէտերէն գրուած է. «Մենք երբեք չենք մոռնար»:
Եւս մէկ յուշարձան (խաչքար) կանգնեցուած է 2016-ին Շուէտի Սեոտերթելյէ քաղաքի Սբ. Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ բակը:
Յիշեցնենք, որ 2010-ին Շուէտի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած էր, սակայն աւելի ուշ կառավարութիւնը որոշած էր առկախել բանաձեւի կիրարկումը եւ գործել` հիմք ընդունելով անկախ կառոյցներու հետազօտութիւնները:
Yerakouyn.com
Leave a Reply