ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Իսրայէլի վարչապետի որդին՝ Եայիր Նեթանիահու «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ կատարած է աղմկայարոյց գրառում մը, ուղղուած՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին:
«Կ՛ուզեմ յիշեցնել իրեն (Էրտողանին-խմբ.) այն ցեղասպանութիւնը, որ իրականացուցած է Թուրքիան յոյներու, ասորիներու եւ հայերու դէմ: Անոնք (թուրքերը) Փոքր Ասիան մաքրած են բոլոր քրիստոնեաներէն: Ես անոր նաեւ պիտի յիշեցնեմ, որ Իսթանպուլի իրական անունը Կոստանդնուպոլիս է: Նախքան թուրքերուն գրաւումը, անիկա Բիւզանդիոյ մայրաքաղաքն էր եւ ուղղափառ քրիստոնէութեան կեդրոնը՝ հազար տարիէ աւելի», գրած է ան:
Asbarez.com
Leave a Reply