Կը հրատարակուի «Արեւմտահայերէնը՝ 21րդ դարուն. մարտահրաւէրներ եւ նոր մօտեցումներ» գիրքը

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Հայագիտական ուսմանց ընկերութեան «Արեւմտահայերէնը՝ 21րդ դարուն. մարտահրաւէրներ եւ նոր մօտեցումներ» («Western Armenian in the 21st Century: Challenges and New Approaches») անգլերէն հատորը, որուն հեղինակներն են Պետրոս Տէր Մաթոսեան եւ Պառլօ Տէր Մկրտիչեան:

ԵՈՒՆԷՍՔՕն արեւմտահայերէնը դասած է անհետացման վտանգի ենթակայ լեզուներու շարքին: Հայկական Սփիւռքի լեզուն հանդիսացող ա-րեւմտահայերէնը, ծանօթ է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին դէմ յանդիման գտնուած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներու: Վերջին տարիներուն գիտաշխատողները մեծ ջանքեր կը թափեն զայն նոր սերունդներուն լաւագոյնս ուսուցանելու միջոցներ որոնելու համար: Այս հատորը ի մի կը բերէ մասնագէտներու կարծիքներ, փորձառութիւններ, տեսութիւններ, որոնք հայերէնի դասաւանդման ժամանակավրէպ մանկավարժական ձեւերը մէկդի ձգելով՝ Սփիւռքի նորագոյն պայմաններուն յարիր արդի միջոցներ կը թելադրեն, աշխատասիրութիւններու, յօդուածներու ընդմէջէն:

Գիրքին մէջ տարբեր գլուխներու տակ մէկտեղուած են Պետրոս Տէր Մաթոսեանի, Պառլօ Տէր Մկրտիչեանի, Հրաչ Չիլինկիրեանի, Անի Կարմիրեանի, Ճես Սիրական Առլէնի, Շուշան Կարապետեանի, Սիլվիա Գասպարեանի, Յակոբ Կիւլլիւճեանի, Էլիզապէթ Մխիթարեանի եւ Վարդան Մատթէոսեանի ուսումնասիրութիւնները կամ գրութիւնները:

Հատորը լոյս տեսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նիւթական օժանդակութեամբ:

Ապսպրելու համար՝

https://www.amazon.com/Western-Armenian-21st-Century-Challenges/dp/0912201606/ref=sr_1_5?qid=1551737082&refinements=p _27%3ABedross+Der+Matossian&s=books&sr=1-5&text=Bedross+Der+Matossian

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ