Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը ազգային-եկեղեցական սուգ յայտարարած է

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանման առիթով՝ պատրիարքարանը յայտարարծ է ազգայինեկեղեցական սուգ, մինչեւ Սուրբ Զատիկի ճրագալոյցի սուրբ պատարագը (Ապրիլ 20): Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը:

Այդ ծիրէն ներս՝ եկեղեցական, թաղային, համայնքային բոլոր կազմակերպութիւններէն ներս չեղեալ կը համարուին կամ կը յետաձգուին ոչ կրօնական ձեռնարկները: Մինչեւ սուգի աւարտը՝ եկեղեցիներէն ներս, բոլոր պատարագներու աւարտին, կը կատարուի յատուկ կարգ՝ նուիրուած պատրիարքի հոգիի հանգստութեան։

Մարտ 11-16 պատրիարքարանին մէջ կը բացուի սգոյ մատեան:

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ մէջ, Մարտ 8-ին, վախճանած էր Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը նախատեսուի Մարտ 17-ին:

http://hayernaysor.am/cl/archives/305296?fbclid=IwAR13smeo9Vk5ylkecOVOgEhEeGIWbWB_8I4BVGnuxPF2jSOQ4QXwvGywAYI#.XIZmvjKlG6k.facebook 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ