IDC-ն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան չմիջամտելու կոչ ըրաւ Անգարային

Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան խորհուրդը՝ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներուն»-ը, կոչ ըրաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ միջամուխ չըլլան Պոլսոյ Հայոց յաջորդ պատրիարքը ընտրելու գործընթացին, կը հաղորդէ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը։

Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարքին՝ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանման առիթով իր հրապարակած ցաւակցական յայտարարութեան մէջ, կազմակերպութիւնը նաեւ յիշեցուց, որ Անգարա արդէն իսկ քանի մը առիթներով կասեցուցած է նոր պատրիարք մը ընտրելու նպատակով սկսած գործընթացը։

«Եկեղեցիները իրաւունք պէտք է ունենան ընտրելու իրենց առաջնորդները, առանց պետութեան միջամտութեան», շեշտեց «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներուն»-ի խորհուրդի նախագահ Թաուֆիք Պաաքլինի։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ