ՊՈԼԻՍ.- 18-19 Հոկտեմբեր 2019ին, «Հրանդ Տինք» հիմնարկը պիտի իրականացնէ գիտաժողով մը՝ «Կեսարիոյ եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական պատմութիւնը» խորագիրով:
Գիտաժողովին նպատակն է 1850-1950ի տարիներուն Կեսարիոյ եւ շրջակայ բնակավայրերու մէջ տեղի ունեցած հասարակական, տնտեսական, մշակութային, քաղաքային եւ ճարտարապետական փոփոխութիւններու մանրամասն միջազգային ուսումնասիրութիւնը, եւ այս նիւթերուն շուրջ իրականացած աշխատանքներու ներկայացումը՝ ակադեմական աշխարհին:
Կեսարիան եւ շրջակայքը պատմականօրէն կարեւոր տնտեսական կեդրոն եղած են, ինչպէս նաեւ խաչմերուկ՝ առեւտրական ճանապարհներու: Լեռնային միջավայրը եւ անբարեբեր հողը պատճառ դարձած են, որ Կեսարիոյ մէջ հողագործութիւնը միշտ երկրորդական դեր ունենա3: Այս իրողութիւնը նաեւ դրդապատճառ եղած է, որ կեսարացի վաճառականները Ատանայի մէջ արտադրուած բամպակի առեւտուրին մաս կազմեն՝ հետեւաբար, նպաստելով Կեսարիոյ մէջ հիւսուածագործութեան եւ գիւղերուն մէջ՝ գորգագործութեան զարգացման:
Կեսարիոյ բնակչութեան բազմազանութիւնը իր դերը խաղացած է քաղաքին առեւտրականութեան մէջ մասնագիտանալուն եւ Կեսարիոյ առեւտրականներուն իրենց տեղը ունենալուն՝ 19րդ դարու միջազգային տնտեսութեան մէջ:
Ըստ 1914ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուած մարդահամարի տուեալներուն՝ Կեսարիոյ սանճագի (գաւառ) ընդհանուր բնակչութեան թիւը 263,074 էր: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը (մօտաւորապէս 70 տոկոս) կը կազմէին իսլամները (184,292 հոգի), 26,590ը (10.1 տոկոս) Ուղղափառ յոյներ էին եւ 48,659ը՝ հայեր կամ ընդհանուրին մօտաւորապէս 18.5 տոկոսը: Երբ այս բնակչութեան աւելցնենք 3553 կաթոլիկները եւ բողոքականները, կրնանք ըսել, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի նախօրեակին, Կեսարիոյ մէջ ապրող իւրաքանչիւր երեք հոգիէն գրեթէ մէկը ոչ-իսլամ էր:
Տնտեսական ցանցերու միջոցաւ, հայ եւ յոյն առեւտրականները նախ Պոլսոյ եւ Իզմիրի նման մեծ քաղաքներու մէջ, ապա արտերկրի կարեւոր կեդրոններու, ինչպէս՝ Լոնտոնի եւ Մանչեսթըրի մէջ, ներկայացուցիչ ճիւղեր հիմնած են: Կեսարացի առեւտրականները, յատկապէս հիւսուածագործութեան բնագաւառին մէջ, Եւրոպա արտադրուած նիւթերու դէպի Թուրքիա միջնորդը եւ մատակարարողը եղած են: Կեսարացի Կիւլպենկեան, Կիւմիւշեան, Իպրանոսեան եւ Մուրատեան եղբայրները, ինչպէս նաեւ Կիւրիւնէն աշխարհին բացուած Քոչունեան եւ Թօփալեան եղբայրները, Կեսարիոյ շուկային հասցուցած կարեւորագոյն ձեռներէց ընտանիքներն են կայսրութեան վերջին հարիւրամեակին: Գարամանցի յոյն առեւտրականներէն Շիշմանօղլու, Օնասօղլու եւ Գազանճըօղլու ընտանիքներէն եկած են արմատով կեսարացի յայտնի գորգագործներ եւ նպարավաճառներ: Յատկապէս մեծ քաղաքներու մէջ հիմնուած ոչ-իսլամ գաղութներու դպրոցներուն մէջ մատուցուած հաշուապահութիւն առարկաները, ինչպէս նաեւ օտար լեզուներու ուսուցումը առեւտրական ցանցերուն ապահոված են անհրաժեշտ մարդկային պաշար:
Կեսարացի յոյն եւ հայ առեւտրականներու ստեղծած հարստութիւնը արտացոլացումն է Կեսարիոյ մէջ անոր երեւելիներուն կառուցած եկեղեցիները, վանքերը, որբանոցները, դպրոցները եւ այլ հանրային բնոյթի կառոյցները: 2015ին կատարուած ուսումնասիրութեան ընթացքին կարելի եղած է Կեսարիոյ մէջ գտնել Համաշխարհային Ա. պատերազմի նախօրեակին կառուցուած 113 հայկական եւ 68 յունական կառոյցներ:
Համաշխարհային Ա. պատերազմի արդիւնքներէն մէկն է նաեւ Կեսարիոյ ժողովրդագրութեան փոփոխութիւնը: 1915ին Կեսարիոյ հայերը աքսորուած են Սուրիոյ անապատները, իսկ 1923ին Լօզանի պայմանագիրին հիման վրայ իրականացած թուրք-յոյն բնակչութեան փոխանակման արդիւնքով, մեծամասնութեամբ թրքախօս գարամանցի յոյները ուղարկուած են Յունաստան: Պատերազմի տարիներուն, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան՝ Երիտթուրքերու կառավարութեան գործադրած «ազգային տնտեսութեան» քաղաքականութեան արդիւնքով, 1916ին Կեսարիոյ Տնտեսական ազգային սահմանափակ ընկերութիւնը եւ Գիւղատնտեսական դրամատունը հիմնուած են, սակայն այս ընկերութիւնները երկար կեանք չեն ունեցած: Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ետք, տնտեսական կեանքը աշխուժացնելու նպատակով, Կեսարիոյ մէջ պետական ներդրումները աճ արձանագրած են: 1929ի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի արդիւնքով գործադրուած պետականակեդրոն տնտեսական քաղաքականութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ Կեսարիոյ վրայ: Նախ, 1926ին ծանր արդիւնաբերութեան ներդրում ըլլալով, հիմնուած են օդանաւերու եւ հրասայլերու գործարանները: 1927ին երկաթուղին հասած է Կեսարիա, իսկ 1935ին, «Սիւմերպանք»ի ներդրումով, Կեսարիոյ կերպասագործութեան գործարանը հիմնուած է: Այս պետական ներդրումները պատճառ դարձած են, որ Կեսարիան արդիականանայ պետական միջամտութեամբ: Նոյն ժամանակաշրջանին, մեծ թիւով ձեռնեցներ՝ գաղթելով Ատանայի եւ Պոլսոյ նման քաղաքներ, տեղական տնտեսութեան զարգացման սատար դարձած են:
Հանրապետութեան հիմնադրութենէն առաջ եւ ետք տեղի ունեցած ժողովրդագրական, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային տրոհումները արմատապէս ապրած Կեսարիան եւ իր շրջակայքը արժանի են գիտական ուսումնասիրութեան: Կեսարիոյ 1850-1950 թուականներուն միջեւ պատմութիւնը կրնայ ներկայանալ իբրեւ Թուրքիոյ հասարակական փոփոխութիւններու ամփոփումը: Հետեւաբար, Կեսարիոյ եւ շրջակայքի ապրած «ցնցումային» փոփոխութիւններուն բովանդակալից եւ քննական պարունակութեամբ ուսումնասիրութիւններու նախընտրութիւն պիտի տրուի այս գիտաժողովին ընթացքին:
Գիտաժողովին լեզուներն են՝ հայերէնը, անգլերէնը եւ թրքերէնը, սակայն դիմումներու ամփոփումները անգլերէնով պէտք է ներկայացուին։
Հարցում-պատասխաններու եւ քննարկումներու առիթ տալու համար, զեկոյցները սահմանափակուած են 20 վայրկեանով:
Գիտաժողովը ուղղակի պիտի հեռարձակուի www.hrantdink.org կայքէն:
Կը խնդրուի նշել, եթէ մասնակցողներու կազմակերպութիւնները պիտի չհոգան ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախսերը:
Գիտաժողովը կը կազմակերպուի միջգիտակարգային մօտեցումով եւ բաց է պատմութեան, տնտեսական պատմութեան, մարդաբանութեան, մշակութաբանութեան, քաղաքագիտութեան, հասարակագիտութեան, ժողովրդագրութեան, ճարտարապետութեան եւ այլ գիտական կարգերով Կեսարիան եւ շրջակայքը նիւթ ունեցող ուսումնասիրութեանց համար:
Գիտաժողովին ներկայացուած զեկոյցները «HDV Հրատարակութիւններ»ու կողմէ պիտի հրատարակուին՝ իբրեւ գիտաժողովի նիւթերու հատոր:
Գիտաժողովին դիմում կատարելու համար հարկաւոր է ուղարկել բնագիրներու 250 բառ երկարութեամբ ամփոփում եւ կարեւոր աղբիւրներու ցանկ, ինչպէս նաեւ 150 բառ երկարութեամբ ինքնակենսագրութիւն, որ կը պարունակէ՝ ծննդեան թուական, համալսարանական աստիճաններ, ուսումնասիրութեան ոլորտ, հրատարակուած գիրքեր եւ շարունակուող ուսումնասիրութիւններ:
Դիմումներու ընդունման վերջին ժամկէտն է՝ 5 Ապրիլը, եւ կը խնդրուի զանոնք յղել
laratas@hrantdink.org հասցէին:
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Հրանդ Տինք» հիմնարկէն)
Asbarez.com
Leave a Reply