Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է Ցեղասպանութիւնը վերապրած 104-ամեայ Հայկ Արթին

Միացեալ Նահանգներու մէջ, 104 տարեկանին մահացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած յայտնի լուսանկարիչ Հայկ Արթինը։

Հայկ Արթին Գոճապապեան ծնած է 1914-ին` Համաշխարային Առաջին պատերազմի սկսելէն մէկ շաբաթ ետք։ 4-5 տարեկանին որբացած է։ Տեսած է ինչպէս թուրք զինուորները կը տանին իր մայրը, իսկ հայրը, որ ուսողութեան փրոֆեսոր էր, անհետացած է։ Անոր ընտանիքը հարուստ էր, կը պատկանէր Հաճընի իշխող դասակարգին։

Կ․Պոլսոյ մէջ որոշ ժամանակ մը մնացած է հօրեղբօր մօտ, ապա գաղթած է Մարսէյլ, անկէ Պուէնոս Այրես, իսկ 10 տարեկանին` Նիւ Եորք։

Հայկը տեղափոխուած է Ուաշինկթըն եւ աշխատած է Underwood & Underwood յայտնի լուսանկարչական ընկերութեան մէջ։ Յետագային բացած է B.Haig Artin լուսանկարչական արուեստանոցները Միլուաքիի շրջանին մէջ։

Ան կը լուսանկարէր ինչպէս հարսնցուներ, այնպէս ալ Սպիտակ տան քաղաքական գործիչներ, նոյնիսկ լուսանկարած է Ֆրանքլին Ռուզվելտը:

Hayernaysor.am 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ