Ալիեւ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը քննարկած են արցախեան հարցը

Ատրպէյճանի մէջ գտնուող Թուրքիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ, իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան (AKP-ԱԶԿ) անդամ Մուսթաֆա Շէնթոփ հանդիպում ունեցած է Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպման ժամանակ քննարկուած է արցախեան հարցը, ինչպէս նաեւ թուրքատրպէյճանական համագործակցութեան առանցքային հարցեր, կը հաղորդէԷրմէնիհապեր”-ը։

Թուրք պաշտօնեան յիշեցուցած է, որ Թուրքիան Ղարաբաղի հարցի շուրջ միշտ սատարած է Ատրպէյճանին: Ան պաշտօնեան կարեւոր համարած է ուժանիւթի եւ գազային այն խոշոր նախագիծերը, որոնք կ՛իրականացուին երկու երկիրներու միջեւ:

Մինչ Ալիեւի հետ հանդիպիլը, Թուրքիոյ խորհրդարանի նաախագահը հանդիպած էր Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովի հետ: Հանդիպումին Շէնթոփ կարեւոր նկատած է ատրպէյճանական իշխանութիւններուն պայքարը Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կիւլենական համայնքի ներկայացուցիչներու դէմ:

Yerakouyn.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ