Ցեղասպանութիւն-Ողջակիզում կապը քննող ֆիլմ մը կը պատրաստուի

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անեթ Պետրոսեանի նախաձեռնութեամբ՝ աշխատանք կը տարուի «Անուշավաճառը» խորագիրով ֆիլմ մը արտադրելու, որ կը վերաբերի մեր անցեալին հետ կապեր հաստատելու ջանքերուն։

Շարժապատկերի եւ շարժանկարի խառնուրդ մը հանդիսացող ֆիլմը պիտի կեդրոնանայ յատկապէս Հրէական Ողջակիզումի շառաւիղներէն մէկը հանդիսացող Ճէյքըպի եւ հայկական անուշեղէնի վաճառատան մը սեփականատէրներուն միջեւ յարաբերութեան վրայ։

Վաճառատան սեփականատէրներուն հետ հանդիպումը անկիւնադարձային միջադէպ մը կը դառնայ իր նախնիներուն պատմութեան ծալքերը բացայայտել փորձող Ճէյքըպին համար։  Նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ ծրագիրին նիւթապէս օժանդակելու համար՝ այցելել www.instagram.com/thepatisseriefilm կամ

www.indiegogo.com/projects/the-patisserie-film-funding—2# կայքէջերը։

Asbarez.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ