Ցեղասպանութենէն կամ 1895ի ջարդերէն վերապրողներու գրաւոր վկայութիւնները հաւաքելու արշաւ

«Արամ» միութիւնը ֆրանսահայ ոչհասութաբեր միութիւն մըն է, որուն նպատակն է պահպանել սփիւռքահայերու ապրած կեանքին յիշողութիւնը:

Միութիւնը կը փափաքի վկայութիւններ քաղել Հայոց Ցեղասպանութեան կամ 1895ի ջարդերէն հայ վերապրողներէ եւ անոնց՝ դէպի Ֆրանսա, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթին մասին:

«Կոչ կ՛ուղղենք ընտանիքներուն, որպէսզի 1915ի (կամ 1895ի) վերապրողներուն կողմէ գրուած հին վկայութիւնները տրամադրելի դարձնեն «Արամ» միութեան գործակիցներուն: Այս վկայութիւնները կարեւոր են Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը պահպանելու համար եւ մաս կը կազմեն սփիւռքահայերու մշակութային ժառանգութեան: «Արամ» միութիւնը գիտակից է, որ այս վկայութիւնները արժէքաւոր են ընտանիքներուն համար: Ուստի կ՛առաջարկենք պարզապէս թուային պատճէն մը կատարել միութեան արխիւներուն համար», նշուած է միութեան յղած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ կը շեշտուի, որ միութեան նպատակն է այս վկայութիւններուն տարածումը եւ իրազեկումը ապահովել է, թուայնացումի միջոցաւ, թարգմանութիւններով եւ հրատարակութիւններ պատրաստելով:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել https://webaram.com/hy կայքէջը։

http://hayernaysor.am/cl/archives/304253?fbclid=IwAR0nbIGXooad5FIRC8Xn4LOWgf9W59vFq0Y7NYN8ixjGOiSTRgfaW-2m2wk#.XHPtuzrMex4.facebook 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ