Տողատակի Միացեալ Նահանգներուն ակնարկելով` Էրտողան. «Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ քայլերը նեղութիւն պատճառեցին կեղտոտ հաշիւներ ունեցողներուն»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Տենիզլի նահանգին մէջ իր համակիրներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Թուրքիոյ` Սուրիոյ եւ Իրաքի վերաբերեալ կատարած քայլերը նեղութիւն պատճառեցին շրջանին նկատմամբ կեղտոտ հաշիւներ ունեցողներուն»:

«Անոնք, որոնք փորձեցին Թուրքիան վախցնել ահաբեկչական կազմակերպութիւններով եւ դրամանիշերու արժէքներով չյաջողեցան իրագործել իրենց նպատակը», նշեց ան:

«Այն ուժերը, որոնք տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ հրամաններ կու տային ներկայիս իրենց նեղութիւնը կ՛արտայայտեն Անգարայի անկախ գործելուն նկատմամբ», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

«Անոնք, որոնք հովանաւորեալութեան ժամանակաշրջանին ժողովուրդին կամքը գրաւ դրին, եւ անոնք, որոնք իրենք զիրենք ժողովուրդէն վեր կը դասեն, այժմ նեղութիւն կը զգան թրքական պետութեան ուժգին կեցուածքէն», յայտնեց Էրտողան:

http://www.aztagdaily.com/archives/428081 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ