Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Հայաստան կատարած պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Լեւան Իզորիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Մատենադարան` Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական ուսումնարան:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ